Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց ընդհանրապէս լիբանանցիները եւ յատկապէս արաբները եւ իսլամները:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս տօնին իմաստը խորացնէ քաղաքական համաձայնութեան մթնոլորտը եւ միացնէ ջանքերը` իրականացնելու լիբանանցիներուն փափաքները եւ ձգտումները, Լիբանանը տանելու համար դէպի լաւը:



