Թուրք եւ ամերիկացի զինուորականներ Շթութկարթի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքէն քիւրտ զինեալներու հեռացման հարցերուն վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիրին շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Շթութկարթի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ 12-13 յունիս 2018-ին տեղի ունեցած են բանակցութիւններ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ` Մընպեժի վերաբերեալ նախապէս հաստատուած ճամբու քարտէսի, ինչպէս նաեւ Մընպեժի անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու քննարկման համար:
«Բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Մընպեժի վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիրին շուրջ, ինչպէս նաեւ որոշում տրուած է հաստատուած ծրագիրը ներկայացնելու երկու երկիրներու բարձրագոյն ղեկավարութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է «Թուիթըր»-ի վրայ` թրքական բանակի պաշտօնական էջին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 4 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ վարած էր իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայքըլ Փոմփէոյի հետ, եւ կողմերը հաւանութիւն տուած էին Մընպեժէն քրտական Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու հեռացման ճամբու քարտէսին:



