Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ ինք ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն է: Ան այդ յայտարարութիւնը կատարած է թրքական «ՏիմԹի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եղբայրս` Էլմար Մամետեարովը եւս գիտէ այդ մասին», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ խօսած է արցախեան տագնապին մասին` շեշտելով, որ ատիկա կը շարունակէ մնալ նաե՛ւ Թուրքիոյ խնդիրը:
«Ղարաբաղի հարցը միայն Ազրպէյճանի խնդիրը չէ: Մենք միշտ կը հետաքրքրուինք Ազրպէյճանի հարցերով, ես նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն եմ, եւ ատիկա գիտէ նաեւ եղբայրս` Էլմար Մամետեարովը: Երբեմն ես կը կատակեմ, կ՛ըսեմ` «դուն կրնաս հանգիստի երթալ, միեւնոյնն է` ես կ՛աշխատիմ»: Եղբայրները ճիշդ այդպէս ալ պէտք է ըլլան», ըսած է Չաւուշօղլու:



