Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ Դպրոցին. «Հաւատք Եւ Մշակոյթ» Խորագրեալ Ամավերջի Հանդէս

June 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը 2017 – 2018 կրթական տարեշրջանի աւարտին ժողովուրդին ներկայացուց ամավերջի հանդէս` կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:

Հանդէսին նիւթն էր` «Հաւատք եւ մշակոյթ», լուսարձակի տակ առնելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ Արցախի պահանջատիրութեան 30-ամեակը: Ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք քհնյ. Արթինեանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի ներկայացուցիչներ, ծնողներ:

Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, Հայաստանի եւ Կիրակնօրեայի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Բալիկ Սրապոնեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց  եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Արշօ Շորճեան-Գելխաչերեանը, որպէսզի արտասանէ բացման խօսքը: Կիրակնօրեայ դպրոցին տեսուչը անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան եւ յայտնեց, որ կիրակնօրեայ վարժարանը աշակերտներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու կողքին, անոնց կը փոխանցէ հայ մշակոյթն ու ոգին:

Հուսկ, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն մասնակցեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները: Երգչախումբը ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի», «Հայոց մայրեր», «Ազգ իմ փառապանծ» երգերը: Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք», Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն», Միքայէլ Նալբանդեանի «Երգ ազատութեան» բանաստեղծութիւնները ասմունքեցին աշակերտները: Երէց դասարանի աշակերտները հանդէս եկան երաժշտական կենդանի պատկերով մը` բծախնդիր պատրաստութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայ դպրոցի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեանի: Աշակերտները ներկայացուցին խմբային պար մը, պարուսոյց` Ռիթա Գունտաքճեան: Ապա Հրաչ Տաուտեան, ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալայնճեանի, հայերէն երգերով խանդավառեց ներկաները:

Յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Ան գնահատեց եւ քաջալերեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին հսկայ աշխատանքն ու ձեռնարկած ծրագիրները: Անդրադառնալով օրուան նիւթին` «Հաւատք եւ մշակոյթ», իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտութեան անխոնջ աշխատանքին, որոնք արժանի ժառանգորդներն են մեր պապերուն, մշակոյթին եւ հաւատքին: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը յայտնեց, որ այսօր մենք կը տօնենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, բայց մեր գործը հոս չ՛աւարտիր: Մենք ամէն օր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուինք`  մեր ինքնութիւնը պահելու առումով, մանաւանդ` համաշխարհայնացման, համացանցի ու ընկերային կայքերու այս սրընթաց զարգացման ժամանակաշրջանին: Օրէ օր օտարացման եւ փլուզումի առիթները կը շատնան, եւ մենք որպէս գաղութ` հսկայական աշխատանք ունինք կատարելիք հայապահպանման գործին մէջ: Ասոր մէջ գլխաւոր դերակատարը մեր ծնողներն են, որոնք առանց վարանելու` իրենց զաւակները պէտք է առաջնորդեն հայ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի մեր զաւակները մեծնան հայաշունչ ոգիով եւ արժանի ժառանգորդները ըլլան մեր մշակոյթին եւ հաւատքին: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` շարունակելու պայքարը եւ ապրելու որպէս իսկական հայ քրիստոնեաներ:

Յայտագիրը վերջ գտաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

Յաջորդը

Ժամանակը Եկած Է Ընկերային Շուկայական Տնտեսութեան Կիրարկման

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.