Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէժ Քննարկումներուն Իբրեւ Արդիւնք, «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը Ընդունուեցաւ

June 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակաւոր, համաձայնութեան կառավարութեան արտակարգ նիստին, երբ  «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ  լրացումներ կատարելու մասին» հարցը կը քննարկուէր, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար, «Ծառուկեան» դաշինքի կողմէ նախարարութիւնը ստանձնած Հրաչեայ Ռոստոմեանը եւս իր դիրքորոշումը յայտնեց` նշելով, որ  վարչապետին հետ  առաջին հանդիպումին ան ըսած է, որ իրենք խմբային աշխատանքով պէտք է շարժին, եւ ատիկա իրենց համար լուրջ յորդոր էր եւ թիրախ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ պէտք չէ այլ պարունակ տալ քննարկումին: «Ես կը կարծեմ` յստակ արտայայտուեցայ, բոլորիս դիրքորոշումները պարզ են, հասկնալի են», ըսաւ ան:

Արձագանգեց Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, ՀՅԴ-ի կողմէ նշանակուած Արծուիկ Մինասեանը` դիտել տալով, որ այս հարցը կառավարութեան առջեւ դրուած դժուար լուծելի հարցերէն է: Ան նշեց, որ դէմ չեն տրուող լուծման: «Պահ մը կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ եթէ հոս կարծիք կ՛արտայայտենք, փորձ կ՛ընենք ճամբար փոխելու, փախչելու պատասխանատուութենէ կամ աժան բաներ ձեռք բերելու® Չկայ այդպիսի բան, եւ երբեք ոեւէ մէկուն մօտ, կը կարծեմ, կասկած չի յառաջանար, որ երբեւէ պատասխանատուութենէ փախուստ տուող մարդ եմ: Կը կարծեմ, թէ դուք ալ  համոզուած էք այդ բանով, եւ իմ գործընկերներուս ալ կ՛առաջարկեմ այդ ձեւը մէկ կողմ դնել», ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեանը շարունակեց, որ խնդիրը սահմանադրականութեան գնահատման շարունակականութեան հարցն է, քանի որ մարդոց մօտ տպաւորութիւն կայ, որ ինչ որ հակասահմանադրական է, անոր աչք կը փակենք: «Նախապէս առկայ վտանգները կը շարունակեն մնալ, բայց այո՛, այս նախագիծը որոշ լուծում կու տայ  հարցին, հետեւաբար այս որոշումին չենք կրնար դէմ ըլլալ այդ մասով», պարզաբանեց ան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշեց, որ մինչեւ հիմա չեն ունեցած լծակներ զբաղելու այս նախագիծի սահմանադրականութեան հարցով: «Մենք չենք ըսեր, որ փոխուած են նախապէս առկայ մտահոգութիւնները, մենք մէկ բան կ՛ըսենք, որ ամէնէն կարեւոր մտահոգութիւնը լուսարձակի տակ առնուած է, ինչ որ վստահութիւն է կառավարութեան նկատմամբ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ,  ի վերջոյ, ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շեշտեց, որ այսօր այս որոշումը կը կայացնեն` ցնցումներէ, ճգնաժամէ խուսափելու համար:

Վարչապետը ամփոփելով նշեց, որ հարցերը լուծելու ընթացքին պէտք է ոչ թէ նահանջենք այլ յառաջանանք: «Կը կարծեմ, թէ կառավարութեան համար սկզբունքային հարց է դէպի յառաջ ընթանալը` չվախնալով խորանալէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ բոլոր հարցերուն մէջ փաստերու հիման վրայ  որոշումներ պիտի կայացնեն:

Հարցը դրուեցաւ քուէարկութեան, եւ ոչ մէկը դէմ արտայայտուեցաւ:

Նախորդը

Բակօ Սահակեանը Պիտի Չմասնակցի Արցախի Նախագահական Յաջորդ Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.