Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ բուսա-առողջապահական վերահսկողութեան հարցերով «Ռոսսելխոզնատզոր» դաշնակցային ծառայութիւնը կ՛ուժեղացնէ Թուրքիայէն պտուղ-բանջարեղէնային արտադրութեան մատակարարման հարցին մէջ հսկողութիւնը` ստուգումներու ընթացքին յայտնաբերուած վտանգներու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով գերատեսչութեան հաղորդագրութեան:
Տարեսկիզբէն ի վեր Թուրքիայէն Ռուսիոյ տարածք հասցուած արտադրանքի ստուգումներու ընթացքին «Ռոսսելխոզնատզոր»-ը առողջութեան վտանգ ներկայացնող 195 պարագայի յայտնաբերում կատարած է:
«Այդ իսկ պատճառով ծառայութիւնը քայլերու ձեռնարկած է Ռուսիոյ տարածք Թուրքիայէն պտուղ-բանջարեղէնի արտադրութեան մատկարարման հարցին մէջ հսկողութեան խստացման համար», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:



