Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 10 յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն` խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչներէն Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի: Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի կիսասարկաւագներէն Գրիգոր Արապաթլեան, Ղազար ՔԷօշկերեան, Ասատուր Եղիայեան, Կարապետ Էօրտեքեան, Գէորգ Թէնէքէճեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Հենրիկ Մալխասեան, Կարապետ Պալեան, Աբրահամ Տեկիրմենճեան եւ Սարգիս Մելքոնեան ստացան սարկաւագական կարգ:
Խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան, սրբազան հօրմէն ստացան սարկաւագական կարգ ու լսեցին անոր թելադրութիւններն ու խրատները:
Իր քարոզին մէջ, սրբազան հայրը օրինակ բերելով երեք մեծ սուրբերու` Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Մեծն Ներսէս հայրապետի եւ Մովսէս Մարգարէի վարքերը, յորդորեց ընծայեալները ապաւինելու երկնաւոր շնորհներուն` լսելով Տիրոջ պատգամը: Ան ըսաւ, որ Աստուծոյ հոգին ու զօրութիւնը ստանալու համար պէտք է հրաժարիլ ծուլութենէ, լսել Աստուծոյ ձայնը եւ լռութեամբ հնազանդիլ անոր: Սրբազանը պատուիրեց սարկաւագներուն, որ միշտ Տէրը ունենան իրենց դիմաց եւ ապաւինին աղօթական կեանքին, որպէսզի հաստատուն մնան իրենց կոչումին ու առաքելութեան մէջ:
Պատարագի աւարտին, նորընծայ սարկաւագները, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր եւ խարտաւիլակ հայր սուրբին, բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնները: Վեհափառ հայրապետը պահպանիչով օրհնեց նորընծայ սարկաւագները:




