Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Արցախ ժամանած են Կիպրոսի ԷՏԷՔ ընկերվարական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նիկոլաս Խրիտունը եւ Նիկոսիայի Մարզային կոմիտէի անդամ զօրավար Խրոստոտուլոս Լեֆկարիտիսին` Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Մանուկեանի ուղեկցութեամբ:
Մայիսի 26-ին պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերով մնայուն յանձնաժողովի անդամներ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ Վիլեն Սաֆարեանը:
Վահրամ Բալայեանը իր խօսքին մէջ ողջունած է Կիպրոսի պատուիրակութեան այցը Արցախ` նշելով, որ Կիպրոսի ու Արցախի ժողովուրդները բախտակից են ճակատագրով, եւ այդ ճանապարհը թոյլ կու տայ ներկայ ժամանակներուն ունենալ ջերմ յարաբերութիւններ:
«Արցախ թերահաւատութեամբ այցելող քաղաքական գործիչները ժամանելով մեր երկիր, կը դառնան մեր բարեկամները եւ մեր դեսպանները իրենց երկիրներուն մէջ: Յոյսով եմ` դուք ալ մաս կը կազմէք մեր բարեկամական շրջանակին, նշած է Վ. Բալայեանը` յոյս յայտնելով, որ միասնական Կիպրոսի գաղափարը վերջիվերջոյ կը լուծուի, աշխարհը կը գիտակցի, որ ատիկա յունական հող է եւ կը պատկանի յոյն ժողովուրդին: Արդարութեան համար ամէն մէկ պայքար ի վերջոյ կը հասնի յաջողութեան»:
Ի պատասխան` զօրավար Խ. Լեֆկարիտիսին, որ առաջին անգամ կ՛այցելէ Արցախ, նշած է. «Կիպրացիներն ու հայերը նոյն ճակատագիրը ունին: Երկու ժողովուրդներն ալ շատ հեռուէն կու գան եւ նոյն քաղաքակրթութիւն ունին, ճիշդ ատոր համար ալ մեզի կը նախանձին նոր ձեւաւորուող ժողովուրդները: Մենք ունինք նոյն դաւադիր թշնամին, որ եկաւ հեռաւոր Ասիայէն եւ խաթարեց ոչ միայն կիպրացիներուն ու հայերուն խաղաղութիւնը, այլեւ` ամբողջ տարածաշրջանի: Յոյսով ենք, որ հայ ժողովուրդի պայքարելու ուժը մօտ ապագային կը տանի միջազգային ատեաններու մէջ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Ձեր յաջողութիւնները մեր յաջողութիւններն են: Կիպրոսը միշտ եղած է Արցախի ժողովուրդի կողքին, եւ մենք ատոր համար այսօր այստեղ ենք: Կիպրոսը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ջատագովներէն է», իր խօսքին մէջ ըսած է զօրավար Խրոստոտուլոս Լեֆկարիտիսին` շեշտելով, որ հայերու պահանջներն ու իրաւունքներն այնքան արդար են, որ միայն ստախօսը կրնայ այդ ժխտել:
Ամփոփելով հանդիպումը` երկու ժողովուրդներու ներկայացուցիչները փոխհամագործակցութեան հաստատման յայտարարի եկան: Կիպրոսի եւ Արցախի միջեւ կապերը սերտացնելու վերաբերեալ քննարկումները շարունակուած են Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնի մէջ` կառոյցի ներկայացուցիչ Դավիթ Իշխանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Վահագն Դադայեանի հետ:
Ընկերավար միջազգայնականի անդամ երկու կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները համոզուած են, որ միջկուսակցական յարաբերութիւնները պէտք է դրուին ամուր հիմքի վրայ:
«Կը կարծեմ, որ կուսակցական մակարդակով համագործակցութեան ամրապնդումը կը տանի պետական երկու միաւորներու` Կիպրոսի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման», իր խօսքին մէջ նշած է Դաւիթ Իշխանեանը:
Նշենք, որ այցի ընթացքին Կիպրոսի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ: Նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն` Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը:




