Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յունիս 1968)

June 9, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Կանաչեան»
Երգչախումբին Համերգը

Հինգշաբթի, 30 մայիս, երեկոյեան ժամը

9:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի երաժշտական կեդր. յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ նորակազմ «Կանաչեան» երգչախումբին առաջին համերգը` ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Հայ ժողովրդական համերգներու կարօտ` երաժշտասէր ընտիր հասարակութիւն մը լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:

Յայտագրի առաջին մասին, լիբանանեան ազգային քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, աւելի քան 50 հոգինոց երգչախումբը, իբրեւ առաջին ելոյթ, բաւարար յաջողութեամբ մեկնաբանեց ժողովրդային երգերը:

Կոմիտաս վարդապետի «գութաներգ»-«Քաղհաներգ»-ի յուսադրիչ մուտքէն ետք, անհրաժեշտ եղաւ սպասել մինչեւ Ա. Պատմագրեանի «Եալալի»-ն, որպէսզի խումբը հասնի իր կատարելութեան: Մինչ այդ ունկնդրուեցան Կոմիտասի «Եար ջան, արի»-ն, Ալթունեանի «Սրտիկ մամուլ մի՛ մնայ»-ն եւ ուշագրաւ յաջողութեամբ Կոմիտասի Սիփան քաջեր»-ը: Պատմագրեանի «Եալալի»-ն արժանացաւ բուռն ծափերու:

Ապա ունկնդրուեցան Զաքարեանի «Կանաչել են արտերը», «Եար կը կոնտաս»-ը, որուն մեներգողը` Աղաւնի Տէր Ադամեանը յայտնաբերեց նուրբ ձայն մը:

Ա. Սաթեանի «Հանքագործների երգ»-ը արժանացաւ խանդավառ ծափերու եւ կրկնուեցաւ: Մեներգող Կարպիս Պոյաճեանը յայտնութիւն մը եղաւ իր պարիթոն ուժեղ ձայնով:

Այնուհետեւ ունկնդրուեցան Ալթունեանի «Ջաղացի բոլոր կանաչ»-ը, Մազմանեանի «Կարմիր վարդ»-ը եւ «Ջաղջի դռնով» զուարթ երգերը:

Յայտագրի երկրորդ մասը նուիրուած էր Կանաչեանի ստեղծագործութիւններուն, որոնցմէ ունկնդրուեցան չորս կտոր:

«Հոյ նար»-ի տկար մուտքէն ետք, «Օրօր»-ը, ինչպէս միշտ, ունկնդրուեցաւ հաճոյքով: Անահիտ Մարուխեան` մեներգեց ապրումով` երգին մայրական քաղցրութիւնը յաջողապէս վերարտադրելով:

«Սօսի» գողտրիկ երգը արժանացաւ բուռն ծափերու եւ կրկնուեցաւ: Գնահատուեցաւ մեներգող Յասմիկ Քեչեճեանը:

«Նանօր»-ը եղաւ երգչախումբին ամէնէն ուշագրաւ խմբերգը: Խանդավառեց ներկաները եւ արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:

Մեներգներու իրենց բաժինը յաջողութեամբ կատարեցին` «Հոյնար»-ի մէջ Գրիգոր Ստամպոլեանը եւ Կարպիս Պալաղամեանը, «Նանօր»-ի մէջ տիկին Յասմիկ Քեչեճեանը, Մարի Փարթամեանը, Գրիգոր Ստամպոլեանը եւ Կարպիս Պոյաճեանը:

Յայտագրէն դուրս երգչախումբը տպաւորիչ յաջողութեամբ խմբերգեց «Խուժան ասկեար» ազգայնաշունչ երգը:

Խմբավար եւ երգչախումբ պարգեւատրուեցան ծաղկեկողովով:

Անկասկած, նորակազմ երգչախումբի յատուկ թերութիւններ կային, անխուսափելի շուարումներ, ինչպէս օրինակ` «Հոյ նար»-ի սկիզբը: Տարիներու փորձառութիւն պէտք է, որպէսզի խմբավար եւ երգչախումբ ներդաշնակուին:

Խմբավար Գէորգ Գանտահարեանը հայ երաժշտութեան ծառայող ծանօթ անուն մըն է: Վարած է «Կոմիտաս» երգչախումբը: Տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ մատուցուող հանդիսաւոր Ս. պատարագը խմբերգող երգչախումբեր:

Նուաճումներ արձանագրելու ընդունակ ուժ մը, որուն խմբավարութեամբ եւ խոստումով հրապարակ եկող «Կանաչեան» երգչախումբը ոչ միայն արժանի է գնահատանքի, այլեւ մանաւանդ` քաջալերանքի:

Հայ երաժշտութիւնը սիրող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եթէ համախմբուին «Կանաչեան երգչախումբին շուրջ, եւ, իբրեւ մնայուն անդամ, կանոնաւոր ընթացքով եթէ հետեւին փորձերուն, մեծանուն վարպետին` Բ. Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբով վերջ գտած եւ, սակայն, ա՜յնքան անհամբերութեամբ սպասուող համերգները վերստին կրնան լսելի դառնալ` վարպետին անունով կեանքի կոչուած «Կանաչեան երգչախումբին կողմէ:

Մնայուն եւ իր համերգները պարտադրող երգչախումբ մը պահելը դժուար գործ է,  անկասկած:

Համազգայինի հովանաւորութիւնը վայելող եւ մեր տոհմիկ երգերուն հանդէպ սէր ու պաշտամունք ունեցող երիտասարդներով կազմուած «Կանաչեան» երգչախումբը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է յաղթահարէ այդ դժուար գործը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ֆութպոլի Կարճ Պատմութիւն Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.