ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Պիտի դիմագրաւէք հակառակութիւններ: Նիւթական հարցով մը պիտի զբաղիք: Մի՛ ծախսէք ձեր բոլոր դրամները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Զօրաւոր բախտ ունիք: Ամսուան բախտաբեր օրերէն մէկն է: Մեծ աշխուժութիւն պիտի զգաք, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Կարեւոր որոշումներ տալու շրջան մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բացասական ազդեցութիւններ պիտի ունենաք: Ընտանեկան եւ աշխատանքային մտահոգութիւններ պիտի ծագին: Ձեր աշխուժութիւնը պիտի կորսնցնէք: Ուշադիր եղէք ուշացումէ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընկերային կեանքը որոշ չափով պիտի աշխուժանայ: Առեւտրական յարաբերութիւնները պիտի լաւանան: Յաջողութեամբ պիտի պաշտպանէք ձեր միտքերը: Ինքնավստահ եղէք եւ կառչած մնացէք ձեր սկզբունքներուն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարեւոր քայլ մը պիտի առնէք: Իրար մի՛ անցնիք, եթէ յոգնութիւն զգացիք: Ուրիշներուն կարծիքը առէք: Մինակ մի՛ մնաք, փնտռեցէք ընկերներ եւ բարեկամներ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հանգստանալու ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Ձեր գործերու ընթացքէն գոհ էք: Դրական շրջան մըն է: Պիտի ամրապնդէք ձեր դիրքը եւ քաջալերութեամբ պիտի շարունակէք ձեր ընթացքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մէկ քայլ ետեւ պիտի երթաք հաւասարելու համար այլոց կածիքին: Վիրահատութիւն մը պիտի ունենաք: Գողութիւններէն զգուշ եղէք: Օրինական խնդիրներ մի՛ ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ քննադատէք եւ դիտողութիւն մի՛ տաք ոեւէ մէկուն: Տագնապալից շրջան մըն է, որ իրեն հետ կը բերէ յոգնութիւն եւ մրցակցութիւն: Ձեր ջիղերուն տէրը եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յարմար ժամանակ է ձեր յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ դիրքը ամրապնդելու: Խոստմնալից շրջան մըն է աշխատանքային գետնի վրայ: Մի՛ զբաղիք, կարգապահ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր դրամները սեւ օրերու համար պահեցէք: Ձեր ուժերը կրկնապատկեցէք, որպէսզի արդիւնքի հասնիք: Առողջական լուրջ խնդիրներ պիտի ունենաք: Լուսարձակի տակ պիտի առնուին ձեր տկար կէտերը եւ թերութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքային ցուցակը կանոնաւորեցէք: Ճիգ թափեցէք լաւ արդիւնք տալու համար: Նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք: Պիտի նկատէք, որ կարեւոր է զիջումներ կատարել դիւրացնելու համար աշխատանքը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Համարձակութեամբ եւ վստահութեամբ քննարկեցէք: Ձեր դիրքը եւ իրաւունքները պաշտպանեցէք: Սուր խօսքերէն հեռու մնացէք: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Նիւթական եւ բարոյական պարգեւներ պիտի ստանաք:
