Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովին Մէջ Քննարկուեցաւ Եւ Վաւերացուեցաւ Հայաստանի Կառավարութեան Ծրագիրը

June 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ երէկ  քննարկուած եւ ընդունուած է կառավարութեան ծրագիրը: Ներկայացուած ծրագիրը ընդունուած է ձայներու 69 կողմ, 39 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է զանազան հարցերու, ծրագիրներու: «Մեր կարեւորագոյն խնդիրը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումն է` ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նշած է, որ ժողովուրդին պէտք է վերադարձնել  իշխանութիւնը: «Ընտրութիւնները հիմա կազմակերպելը մեր քաղաքական խմբակին համար  ամէնէն յարմար պահն է, որովհետեւ թաւշեայ յեղափոխութեան ոգեւորութիւնը կը գտնուի իր գագաթնակէտին, եւ կասկած չկայ, որ մեր քաղաքական խմբակը կրնայ յաղթել բացարձակ մեծամասնութեամբ, եթէ ընտրութիւնները այսօր կազմակերպուին», ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ եթէ առաջնորդուին այս տրամաբանութեամբ, ապա կը նշանակէ, որ իշխանութիւնը փոխուած է, բովանդակութիւնը` ոչ, եւ նոր իշխանութեան դիմաց կը մղէ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքը:

«Մէկ տարուան ընթացքին պէտք է կազմակերպուին ընտրութիւնները, որոնց  շնորհիւ քաղաքական միւս ուժերը քիչ ժամանակուան մէջ կարենան ընտրական նախապատրաստութիւններ տեսնել: Ասիկա ժողովուրդին կարելիութիւն կու տայ  կատարելու կշռադատուած ընտրութիւն», յայտարարած է վարչապետը:

Կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւորներ, որոնք հարցեր տուած են ներկայացուած ծրագիրին շուրջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ կիսած Հանրապետական պատգամաւորներու այն  տեսակէտը, թէ կառավարութեան ծրագիրը բարեմաղթանքներու եւ ցանկութիւններու ծրագիր է: Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  ան ըսած է. «Նշուած է շատ յստակ ժամանակահատուած` 1 տարուան  ընթացքին արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպում»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չի՞ անհանգստանար, որ գործարարները հարկային դաշտ մտնելէ ետք կրնան հակադարձել վարչապետին, ան  արձագանգած է. «Դուք կը մտածէք, ոեւէ մէկը կրնայ հակադարձ քա՞յլ կատարել: Անոնք կ՛ազատին փտածութեան բոլոր պարտականութիւններէն, ես անոնց շատ մեծ գումարներ  նուիրած եմ»:

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Կարելի Է Շատ Եւ Ամէն Ինչ Չգրել, Եթէ Գիտես` Ինչ Անել Ու Պատրաստւում Ես Շատ Գործել»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.