Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1968)

June 8, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չլինէր Սարդարապատը…

Հանրածանօթ իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդը յաղթանակ տօնելու ընդունակ ժողովուրդ չէ: Ուրիշ ազգերու մօտ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կողմէ ընդունուած ու գնահատուած հարստութիւն է յաղթանակը, ազգերէն իւրաքանչիւրը համախմբող մոգական զօրութիւններէն մէկն է, մեր մօտ, ընդհակառակն, ազգը պառակտող երեւոյթներու կարգին կը դասուի: Յաղթանակի ատեն մեր մէկ կէսը անպայման կը ցցուի միւս կէսին դէմ եւ չես գիտեր` ինչո՞ւ, չես գիտեր` ո՞ր չար ոգիէն դրդուած, կը սկսի սրբապղծութեան իր արշաւին` կուրութեան եւ ծամածռութեան հազար պատկեր պարզելով:
Այդպէս էինք:
Կը թուի, թէ այդպէս չենք այսօր, աւելի լաւ պիտի ըլլանք վաղը:
Ցարդ տխուր թուականներու ատեն միայն կրցած ենք ցոյց տալ հաւաքական մեր դիմագիծը. այսուհետեւ յոյս կայ, որ նոյն յատկանիշները յայտնաբերենք նաեւ յաղթանակներու դիմաց:
«Այս է մեզ ասում մեր կեանքը այժմեան»:
Իրապէս տարբեր է մեր կեանքը այժմեան: Տարբեր է ու պայծառ, յուսատու:
Հայրենի սահմաններէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր սահմանները, նոր շունչ մը արդէն կը զգացնէ ինքզինք, հոգեկան բարեշրջութիւն մը ակներեւ է հայ մարդուն մէջ:
Սարդարապատը նոր հրաշք մը սկսած է գործել:
Արդ ճակատամարտին կապակցութեամբ, երէկ այս թերթը վերը յիշուած նոր կեցուածքը բացայայտող պզտիկ քաղուածք մը կատարեց հայ մամուլէն: Հայ քաղաքական բոլոր հոսանքները, ինչպէս նաեւ չէզոք մամուլին չէզոքները, լուռ անցնելով հանդերձ գլխաւոր դերակատարներու մօտէն, երկիւղածութեամբ նշեցին սխրագործութիւնը` ճիշդ մեկնաբանելով անոր պատմական իմաստը`
«Չլինէր Սարդարապատը, մենք չէինք լինի»:

Պ.Ս.

Վահրամ Փափազեան

Թատերական ներկայացումներու այս եռուն շրջանին հայ ժողովուրդը յուզումով իմացաւ մեծանուն դերասան Վահրամ Փափազեանի մահուան լուրը:

Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեանի» խումբը նոյն օրը կը ներկայացնէր Փիրանտելլոյի «Ո՞ր է ճշմարիտը» փիեսը: Վարագոյրը բացուելէն առաջ հանդիսատեսները յոտնկայս մատուցեցին իրենց յարգանքը` անհետացող արուեստագէտին: Սրտառուչ զուգադիպութիւն մը: Մատնանշեցինք: Խորհրդածեցէք:

Ի ծնէ դերասան էր Փափազեան, եւ ի տղայ տղոց զգացած` իր շնորհը, առաջին իսկ օրին, ունեցաւ համապատասխան միջավայր մը, աճելու եւ ճառագայթելու լայն հնարաւորութիւններ: Պոլսոյ մէջ զգաց Փափազեան իր այդ ընդունակութեան խլրտումը, Իտալիոյ մէջ թեւ տուաւ անոր, Փարիզի մէջ` նրբութիւն, Անգլիոյ մէջ` խորութիւն:

Այսպէս սկսաւ իր ասպարէզը: Գնաց, ուսանեցաւ, եկաւ ու ճառագայթեց: Թափառեցաւ երկրէ երկիր, տեսաւ ժամանակից  մեծերը` Սառա Պեռնարն ու Տուզենը, Նովելին ու Քրասոն, տեսաւ ու աւելի պայծառացաւ իր ներաշխարհը, աւելի կատաղօրէն փարեցաւ իր կոչումին, ճգնեցաւ, մեծցաւ:

Մենք, ի հարկէ, բեմի վրայ զինք չենք տեսած, հետաքրքրութեամբ հետեւած ենք սակայն իր կենսագիրներուն` Արշակ Չօպանեանէն սկսեալ մինչեւ  Գուրգէն Մխիթարեան, Նշան Պէշիկթաշլեանէն մինչեւ թատերագիր Ռուբէն Զարեան, ուրիշ քրոնիկագիրներու եւ իր կեանքը պատմող  «Յետադարձ հայեացք»-ին: Ամէնուն վկայութեամբ, միջազգային չափանիշով դերասան էր Փափազեան, մեր թատերագիրները աւարտած եւ թատերական հասարակութիւնը արագօրէն նուաճած դէմք, 360 Տեզտեմոնա խեղդած Օթելլօ, Համլեթը Անգլիոյ բեմերուն վրայ գերազանց յաջողութեամբ մեկնաբանած հիանալի ուժ, տակաւին` Ռոմէօ, Մաքպեթ, Քին, Տոն Ժուան, Քորրատօ եւ հարիւրաւոր մեծ ու պզտիկ տիպարներ անձնաւորած անխոցելի արուեստագէտ:

Իր «Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող զոյգ հատորները առիթ տուին թեր ու դէմ կարծիքներու պղտոր հեղեղի մը, բայց «Յետադարձ հայեացք»-ը նիւթ չէ հոս, հետաքրքրական են սակայն անկէ քաղուած քովի մտածումները, որոնք թէեւ նորութիւն չեն բերեր, բայց անպայման պիտանի են:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բարեւ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.