Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Դաշինքի Սուրիոյ Մէջ Ներկայութեան Ժամանակացոյց Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Դաշինքի Բանբերը

June 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի բանբեր Թոմաս Ֆիլ յայտնեց, որ դաշինքի գործողութիւններու ժամանակացոյց գոյութիւն չունի` նշելով. «Չենք կրնար Սուրիոյ մէջ դաշնակիցներու գործողութիւններու աւարտի թուականի մասին խօսիլ»:

«Դաշինքը կ՛առաջնորդուի տուեալ պահու կարիքներով, որոնցմէ կարեւորագոյնը ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելն է, բան մը, որ յաւելեալ ջանքերու կը կարօտի», աւելցուց ան:

Ֆիլ յայտնեց, որ դաշինքը վերջին ամիսներուն աւելցուցած է Սուրիոյ մէջ իր յարձակումներուն թիւը, որ մայիսին հասած է 304-ի, ինչ որ մարտ ամսուան յարձակումներուն եռապատիկն է:

Ան նաեւ հաղորդեց, որ 17 մայիսին վնասազերծուած է ՏԱՀԵՇ-ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն Ահմետ Համտունին:

«Դաշինքը Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մասնակցելու մտադրութիւն չունի եւ կառավարական ուժերու դիմակայումով չէ հետաքրքրուած», ըսաւ ան:

Միջազգային դաշինքի բանբերը քննադատեց Ռաքքա քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան ընթացքին քաղաքին հասած հսկայական քանդումին մասին Միջազգային ներում կազմակերպութեան զեկուցումը` շեշտելով, որ դաշինքը կառչած կը մնայ քաղաքայիններուն եւ հասարակական վայրերուն նուազագոյն վնաս հասցնելու սկզբունքին:

Ֆիլ հերքեց այն լուրերը, թէ Միջազգային դաշինքը նոր ռազմակայան հաստատած է հիւսիսային Իրաքի մէջ Սուրիոյ սահմանամերձ Սինճար լերան վրայ` ընդգծելով, որ խօսքը պարզապէս կը վերաբերի Միջազգային դաշինքի շրջան հասած զինուորական շարասիւնի մը:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Նիստ

Յաջորդը

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը Կը Շեշտէ Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.