Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Խորհրդարանը Անվստահութիւն Յայտնեց Ռախոյի Կառավարութեան

June 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը անվստահութիւն յայտնեց Մարիանօ Ռախոյի ղեկավարած Ժողովրդական կուսակցութեան կառավարութեան: Երկրի նոր վարչապետ պիտի դառնայ Սպանիոյ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Փետրօ Սանչես: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

Կառավարութեան հրաժարականին ի նպաստ քուէարկած են ութ կուսակցութիւններէ 180 երեսփոխաններ:

Ռախոյ վարչապետի պաշտօնը կը վարէր դեկտեմբեր 2011-էն ի վեր: Կառավարութեան ներկայ կազմը հաստատուած է նոյեմբեր 2016-ին:

Անվստահութեան քուէի պատճառ դարձած է անցեալ շաբաթ փտածութեան աղմկոտ գործով Սպանիոյ ազգային դատարանին արձակած դատավճիռը:

Գործին մեղսակից եղած են իշխող Ժողովրդական կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք մեղադրուած են կաշառակերութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէ խուսափելու յանցանքներով:

Բացի ատկէ, դատարանին համաձայն, կուսակցութիւնը շահած է տեղի ունեցած խարդախութիւններէն, ուստի կուսակցութիւնը` իբրեւ իրաւաբանական անձ, պէտք է վճարէ շուրջ 245 հազար եւրօ:

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ քուէարկութենէն ետք Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Փետրօ Սանչես յայտարարած է. «Նոր էջ կը բանանք Սպանիոյ ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ»:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Արտակարգ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները Առեւտրական Պատերազմի Եզրին Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.