Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեմինար. Առողջ Ապրելակերպ

June 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, որ կը գործակցի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ, 2016-2018 շրջանին իր առաջին ժողովին ճշդեց երկամեայ ծրագիր: Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ, նախաձեռնեց նոր ծրագիր մը` երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը` անոնց մէջ յառաջացնելու համար առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, զաւակ-ծնողք փոխյարաբերութեան մասին առողջ մտածումներ:

Յիշեալ սեմինարներուն նպատակն էր երիտասարդուհիները գիտակից դարձնել, հեռու պահել զանոնք հիւանդութիւններէ եւ մոլութիւններէ` հաւատալով, որ առողջ ընտանիքի հիմքը մօր դաստիարակութիւնն է: Ինչպէս նաեւ` ստեղծել ընկերային մթնոլորտ, ծանօթացնել ԼՕԽ-ի լայնածաւալ աշխատանքը  եւ ԼՕխ-ի երդիքին տակ իրարու ծանօթանալով` նոր բարեկամութիւններ հաստատել:

Ծրագիրը վաւերացուելէն ետք Շրջանային վարչութեան կողմէ, կազմակերպուեցան 9 սեմինարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 երիտասարդ հայ մայրեր: Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ ճշդուած նիւթերը ներկայացուցին տարբեր մասնագիտութիւններու տէր դասախօսներ:

Վերջին սեմինարը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն,  յանձնախումբի բոլոր անդամներուն եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Իսկուհի Գափլանեանին, որ միշտ մօտէն հետեւած էր յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Մայիս ամիսը «Մայերու օր»-ուան ամիս ըլլալով, ան շնորհաւորեց բոլորը` մաղթելով, որ տիպար հայ մայր ըլլան եւ ծառայեն ո՛չ միայն իրենց ընտանիքին, այլեւ` իրենց ազգին:

Օրուան առաջին դասախօսն էր Արեգնազ Աղասարգիսեանը, որ ներկայացուց «Դպրոցական դժուարութիւններ եւ կրթական յաջողութեան գրաւականը» նիւթը:

Ան շեշտը դրաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.

– Գիտնալ զաւակի մը կրթական կեանքի ընթացքը
– Կարգ մը աշակերտներու կանուխ տարիքէն դպրոցը լքելու պատճառները
– Ծանօթանալ զաւակի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն
– Օգնել եւ վարժեցնել` դասաւորելու իր աշխատանքը
– Հետեւիլ անոր` կատարելու իր պարտականութիւնները
– Հեռու պահել զայն խանգարող տուեալներէ
– Զարգացնել անոր հետաքրքրութիւնները` մարզական, արուեստ եւ այլն:

Սեմինարի երկրորդ բաժինով տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան ներկայացուց «Պատուաստներու  տեսակներն ու անոնց անհրաժեշտութիւնը» նիւթը:

Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին ստիպողական եւ ըստ ցանկութեան կատարուող պատուաստներ: Մեր շրջապատի մանրէներէն պաշտպանուելու համար շատ փոքր տարիքէն կը սկսինք պատուաստներուն: Առողջ մարմնին մէջ կը սրսկենք մեռած մանրէներ, որպէսզի մարմնին մէջ հակամարմիններ ստեղծուին եւ, վարակման պարագային, հիւանդութեան ընթացքը ըլլայ թեթեւ:

Սեմինարի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշով եւ անուշեղէնով, որ պատրաստուած էր սեմինարին մասնակցողներուն կողմէ: Անոնք բաժնուեցան` իրենց հետ տանելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ, յանձնախումբին պատրաստած նուէրները եւ յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու փափաքով:

Նախորդը

Ծանօ՞թ Ես Օրիկամի Արուեստին

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Արցախի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանք Չի Տեսներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.