Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան-Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Հանդիպում

May 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 30 մայիսին ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաարը:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու կառուցողական երկխօսութիւնը` հաստատելով, որ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը փոխգործակցութեան նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են արցախեան տագնապի լուծման ընթացքին վերաբերեալ: Նախագահը ըսած է, որ Հայաստան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացին եւ յանձնառու է շարունակելու ջանքերը` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու առաջադրանքով:

Այցելութիւն` Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն

Նախագահը նոյն օրը այցելած է Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն` Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով անձամբ շնորհաւորելու կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորները:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, ան շրջագայած է վերականգնողական կեդրոնին մէջ, ծանօթացած անոր գործունէութեան, զրուցած կեդրոնին մէջ վերականգնողական բուժում ստացող հայրենիքի պաշտպաններուն հետ:

Կեդրոնը կը գործէ իբրեւ ամբողջական վերականգնողական համալիր, ուր զինուորական հաշմանդամներուն առողջական խնդիրներէն բացի կը լուծուին նաեւ անոնց ընկերային համարկման, կրթութեան եւ աշխատանքի հարցերը:

Նախագահ Սարգսեան նախաճաշած է զինուորներուն հետ եւ երախտագիտութիւն յայտնած հայրենիքի պաշտպաններուն` նուիրումի ու անմնացորդ ծառայութեան համար եւ անոնց մաղթած շուտափոյթ ապաքինում:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է կեդրոնին մէջ բուժում ստացող զինուորներուն արժանապատիւ կեանքի վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ըստ անոր, առողջութեան վերադարձէն ետք անոնց համար արտօնեալ պայմաններով աշխատանքի ընդունուելու կարելիութիւններ պէտք է ստեղծել, որպէսզի զինուորը ոչ թէ կախեալ ըլլայ տարատեսակ օգնութիւններէն, այլ սեփական միջոցներով ինք կարողանայ վաստակիլ իր ապրուստը:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Վրաստանի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Միակամ Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.