Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ը. Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն

May 25, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Ը. Պատգամաւորական ժողովը գումարեց Երեւանի «Անի» հիւրանոցի մէջ, 19, 20 եւ 21 մայիս 2018-ին: Ժողովին կը մասնակցէին 15 շրջաններ ներկայացնող  պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ի պաշտօնէ` Համազգայինի հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու տնօրէնները:

Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց յիշատակը անցնող քառամեակին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու: Երեք օրերու ընթացքին, ժողովը քննեց շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ աշխատանքը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ աննախընթաց կերպով ընդարձակուած է Համազգայինի գործունէութեան ծիրը, յատկապէս` Քուէյթի նոր շրջանի կազմութեամբ եւ Արցախի, Ջաւախքի ու Համազգայինի հիմնադրամի Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակներու հիմնադրութեամբ: Նորութիւններ են նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու գործակցութեամբ Համազգայինի երիտասարդական ցանցի (ArtLinks) եւ անոր օրինակով Եւրոպայի մէջ Youthlinks Europe հաւաքներու ծնունդը, ինչպէս նաեւ` «Բագին»-ի խմբագրական կազմի փոփոխութեամբ իրականացած արդիական բովանդակութիւնն ու տեսքը: Կրթական մարզին մէջ,  ժողովը դրական գնահատեց Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանի Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ընտանիքին միանալը, «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու շարքի հրատարակութիւնը եւ այն փաստը, որ Երեւանի պետական համալսարանին հետ իրականացուող հայերէնագէտ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը սկսած է տալ իր առաջին շրջանաւարտները: Դրական գնահատուեցաւ  նաեւ Լիբանանի մէջ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին կցուած «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» արդիական մանկամսուրի կառուցումը, եւ ժողովը կարեւոր նկատեց յառաջիկայ գործունէութեան մէջ զարկ տալ այս ծրագրի բարգաւաճման գործին: Իբրեւ կարեւոր իրագործում, դրական գնահատուեցաւ նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի թատրերգութիւններու թարգմանութիւններու հրատարակութիւնը:  Շինարարական մարզին մէջ դրական գնահատուեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի բաց խաղավայրի կառուցումը: ժողովը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Գուրգէն եւ Մարգրիտ Ասատուրեաններու կտակին եւ Ազնիւ Բարունակեանի կտակին:

2018-2022 քառամեակին համար ժողովը բանաձեւեց Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծը, յատկապէս հայ երիտասարդը հայկական մշակոյթին մօտեցնելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած h-pem հարթակի հետագայ քայլերը, Համազգայինի հիմնադրամի եւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչականի գործունէութիւնը, քարոզչական աշխատանքներու ընդարձակումը, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ Համազգայինի գործունէութեան ուղիները, տեղեկութիւններու եւ մարդուժի շտեմարաններու պատրաստութիւնը եւ շրջանային կառոյցներու հզօրացումը:

2018-ին պիտի նշուի Համազգայինի 90-ամեակը: Անդրադառնալով այս իրադարձութեան` ժողովը բարձր գնահատեց Համազգայինի մօտ գտնուող ԺԴ.-Ի. դարերէն եկող 27 ձեռագիր մատեաններու Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գրադարանին յանձնելու Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնը:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2018-2022 քառամեակի Կեդրոնական վարչութիւնը` հետեւեալ կազմով.

Ալեքսանեան Կարօ (Սուրիա)
Այնթապլեան Սեպուհ (Լիբանան)
Թիւֆէնքճեան Վիգէն (Քանատա)
Թնճուկեան Սելլա (Եւրոպա)
Հաշէօլեան Թամար (Լիբանան)
Ղարաբաղցեան Սպարտակ (Հայաստան)
Մկրտիչեան Մկրտիչ (Լիբանան)
Չուխաճեան Մանուկ (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Պապիկեան Տիգրան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Պարոնեան Հրայր (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Սապունճեան Լորիկ (Լիբանան)

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ Ը. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երեւան, 23 մայիս 2018

 

 

Նախորդը

Թրամփ Ջնջեց Ընի Հետ Իր Հանդիպումը

Յաջորդը

Կարօ Եղնուկեան Ազատ Արձակուեցաւ Գարեգին Չուգասըզեան Դադրեցուց Հացադուլը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.