Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ջնջեց Ընի Հետ Իր Հանդիպումը

May 25, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ջնջեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ նախատեսուած հանդիպումը:

Ան յայտնեց, որ այդ որոշումը տուած է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութեան մը պարունակած «հսկայական զայրոյթին ու բացայայտ թշնամանքին» պատճառով` աւելցնելով, որ տուեալ պայմաններուն մէջ ներկայիս Սինկափուրի մէջ հանդիպում ունենալը «անպատշաճ» պիտի ըլլայ:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին յղուած նամակի մը մէջ ան յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ անոր հետ «օր մը» հանդիպելու:

«Կը խօսիք ձեր հիւլէական կարողականութեան մասին, սակայն մերը այնքան հսկայական եւ ուժեղ է, որ տայ Աստուած, որ երբեք չ՛օգտագործուիր», աւելցուց ան:

Թրամփ իր նամակը եզրափակեց յայտնելով, որ Ըն պէտք է իրեն հեռաձայնէ, եթէ միտքը փոխէ: «Աշխարհը եւ մասնաւորաբար Հիւսիսային Քորէան մնայուն խաղաղութեան եւ հսկայական բարգաւաճումի ու հարստութեան մեծ առիթ մը կորսնցուցին: Այս կորսուած առիթը իսկապէս պատմութեան մէջ տխուր պահ մըն է», ըսաւ ան:

Հիւսիսային քորէացի պաշտօնատար Չօ Սոն Հուի երէկ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի Հիւսիսային Քորէայի «վերջը կրնայ Լիպիոյ նման ըլլալ» խօսքը «ապուշ» կոչած էր:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը երկխօսութիւն «պիտի չաղաչէ», եւ զգուշացուց «հիւլէական դիմակայումէ», եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի:

Միւս կողմէ, Հիւսիսային Քորէայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Փոնճիէ վայրին մէջ գտնուող օտար լրագրողներ յայտնեցին, որ ականատես դարձած են մեծ պայթումի մը:

Փիոնկիանկ հետագային յայտարարեց, որ հիւլէական փորձարկումներու նշեալ վայրը կազմաքանդուած է:

Նախորդը

Միջազգային Դաշինքը Ռմբակոծած Է Սուրիոյ Բանակի Երկու Դիրքեր

Յաջորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ը. Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.