Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ չեն ջանար Իրանի մէջ քաղաքական վարչակարգը փոխել: Սակայն իրանցի ժողովուրդը իր երկրին ղեկավարութեան վարմունքին նկատմամբ իր հետզհետէ աճող յուսախաբութիւնը կ՛արտայայտէ»:
Նոուըրթ, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Իրանի վերաբերող յայտարարութիւնները, ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ ան ըսել ուզեց, որ այդ (Իրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութեան, «Ա.») որոշումը կը պատկանի իրանցի ժողովուրդին, եւ մեր քաղաքականութիւնը չի կրնար վարչակարգեր փոխել»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը վերահաստատեց իր երկրին այն ամբաստանութիւնները, թէ Իրան կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքները: «Երկրին մէջ անցեալ ամիսներուն մեր տեսած բողոքի ցոյցերը ցոյց կու տան իրանցիներուն իրենց կառավարութենէն յուսախաբութեան բարձր մակարդակը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին մեկնաբանելով Փոմփէոյի յայտարարութիւնները ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յայտարարութիւնները սխալ են եւ հիմնուած են պատրանքներու վրայ»:
«Ուաշինկթըն դարձած է լոպիական խմբաւորումներու պատանդը», նշեց Զարիֆ:



