Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանեան Ուժերու Կամ Հըզպալլայի Սուրիայէն Հեռացման Կամ Տեղակայման Հարցը Քննարկելի Չէ, Որովհետեւ Սուրիական Կառավարութեան Վերապահուած Որոշում Մըն Է» Կ՛ըսէ Մըքտատ

May 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քանդեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ան պէտք է դադրի Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելէ եւ իր ուժերը հեռացնէ»:

Անոր համաձայն, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները վատացած են Էրտողանի «քաղաքական յաւակնութիւններուն, կայսրութեան մասին երազանքի» պատճառով:

«Ան չի մտածեր Սուրիոյ մէջ զինուած խմբաւորումներուն աջակցելու հետեւանքներուն մասին: Ան ոչնչացուց դրացի պետութիւնը, եւ Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի բռնագրաւումը ատոր վառ օրինակն է», ըսած է Մըքտատ` յոյս յայտնելով, որ այդ յարաբերութիւնները կը վերականգնին:

«Ամերիկեան դաշինքը ռմբակոծեց Սուրիոյ մէջ գտնուող քարիւղի հանքերը, որպէսզի կառավարութիւնը անոնցմէ հեռու պահեն եւ ստիպեն, որ միլիոններ ծախսէ անոնց վերանորոգման համար», յայտնեց ան:

«Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան կառավարութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իրեն օժանդակելու համար հրաւիրեց դաշնակից ու բարեկամ ուժեր, որոնց շարքին` ռուսական ու իրանեան ուժեր, իրանցի խորհրդականներ եւ Հըզպալլայէն եղբայրներ: Անոնք բոլորն ալ առնչակից են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ չեն խախտեր Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սուրիական պետութեան հետ կատարեալ համակարգում կը կատարեն», նշեց Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Այս հարցը (իրանեան ուժերու եւ Հըզպալլայի Իրանէն հեռացումը, «Ա.») քննարկելի չէ, որովհետեւ Սուրիոյ գերիշխանութեան կը վերաբերի այն, թէ իր հողերուն վրայ ո՛վ կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ… ուստի այս հարցը սեղանի վրայ դրուած չէ, եւ չենք կրնար ոեւէ մէկուն արտօնել զայն սեղանի վրայ դնել», ընդգծեց Մըքտատ:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմէ հնչած քաղաքական հոլովոյթի սկիզբէն ետք օտար բոլոր ուժերու Սուրիայէն հեռացման կոչին, ան ըսաւ. «Չեմ կարծեր, թէ մեր ռուս բարեկամները կ՛ակնարկեն այն ուժերուն, որոնք Սուրիա մուտք գործեցին օրինական կերպով եւ սուրիական կառավարութեան թոյլտուութեամբ: Ատիկա բացառապէս Սուրիոյ կը վերաբերի, եւ այս է Ռուսիոյ բացայայտ կեցուածքը»:

«Առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան Սուրիա մուտք գործած ուժերը բռնագրաւող ուժեր են, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ուղղակիօրէն ահաբեկչութեան կ՛աջակցին», ըսաւ Մըքտատ:

Նախորդը

«Չենք Ջանար Իրանի Մէջ Վարչակարգը Փոխել, Սակայն Իրանցի Ժողովուրդը Յուսախաբ Է Իր Ղեկավարութենէն» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Յաջորդը

Կազայի Նաւահանգիստին Եւ Համասի Դիրքերուն Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումներ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.