Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մայրերու Տօնին Նուիրուած Նախաճաշ

May 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 9 մայիս  2018-ին, Մայրերու տօնին  առիթով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ` նախագահութեամբ Գարոլին Թերզեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով,  որ ձեռնարկը կը  միտի երախտագիտութիւն յայտնել մայրերուն: Ան վեր առաւ մօր դերը  ժողովուրդներու կեանքին մէջ եւ  յաջողութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց բոլոր մայրերուն:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած Գարոլին Թերզեանին, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնց ներդրումով իրագործուած է նախաճաշի ձեռնարկը:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկայ մայրերուն` շնորհաւորելով զանոնք մայրերու տօնին առիթով: Ան շնորհաւորեց նաեւ ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Գարոլին Թերզեանը, իր կողակիցին` Յակոբ Թերզեանին երեսփոխան ընտրուելուն առիթով ու յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Ապա տնօրէնն ու Տիկնանց յանձնախումբին ատենապետը օրուան նախագահին   նուիրեցին երախտագիտութեան յուշանուէր մը:

Քոլեճի մանկապարտէզի եւ  նախակրթարանի աշակերտները հանդէս եկան խմբերգներով, պարերով ու նուագներով: Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եւ բախտաւորները ստացան նուէրներ:

Մթնոլոտէն խանդավառուած` ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ:

Հետաքրքրական էր սրահին մէջ զետեղուած «Անգին մայր» գրութիւնը կրող զարդարուն պատը, որուն առջեւ մայրերը ունեցան յիշատակի նկարներ:

Մուտքին բոլոր ներկաները ստացան նուռի գեղօրներ, իսկ սեղաններուն վրայ իւրաքանչիւրին համար զետեղուած էր Համբարձման վիճակը կրող մոմ մը:

Քոլեճի տնօրէնութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը  յայտնենք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ ու իրենց ներկայութեամբ քոլեճին նեցուկ հանդիսացած բոլոր ներկաներուն եւ նուիրատուներուն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Բոշաները Մինչեւ 1950-ական Թուականները Չեն Կարողացել Ծառայել Թուրքական Բանակում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.