Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Ներկայացնենք Տնտեսական Համակարգի Ծրագիրը, Յեղափոխական Մօտեցումներ Պիտի Ըլլան»

May 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է իր յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի մէջ մենաշնորհներ պիտի չըլլան: Ան նշեց, որ հետեւողական աշխատանք պէտք է կատարել, որ անոնք դադրին գոյութիւն ունենալէ:

«Ես չափազանց մեծ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրեմ, որ տնտեսական դաշտը համապատասխան արձագանգ կու տայ մեր քաղաքական յայտարարութիւններուն: Որքանով ինծի հասած են տեղեկութիւններ եւ զեկուցած են, 8 մայիսէն ետք մեր տնտեսութիւնը ո՛չ միայն ժխտական ազդակներ չի ցուցաբերեր, այլեւ կը ցուցաբերէ դրական ազդակներ, ատիկա կը կարծեմ կապուած է ներկայ լաւատեսական մթնոլորտին հետ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին, պէտք է ակնկալել նաեւ զբօսաշրջութեան ծաւալներու աճ, քանի որ միջազգային մամուլին մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի հիմնականին մէջ դրական շեշտադրումներով: «Մարդիկ լայնօրէն հետաքրքրուած են Հայաստանով եւ յոյսով եմ, որ ատիկա կը վերածուի շօշափելի գործողութեան, ու անոնք կ՛որոշեն գալ Հայաստան` տեսնելու, թէ ատիկա ինչ երկիր է», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրէն Կարայեանի կատարած աշխատանքին համար` յոյս յայտնելով, որ ան նոր նշանակուած նախարարին ու կառավարութեան կը փոխանցէ իր ձեռք բերած գիտելիքները` տարբեր ծրագիրներու հետ կապուած: «Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել նախարարութեան աշխատակիցներուն արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, կազմը շատ արհեստավարժ է: Պարոն Մինասեանը նոր մարդ չէ համակարգին մէջ, մեծ յոյս կայ, որ ծրագիրները բնականոն հունով ընթանան», ըսած է Սուրէն Կարայեան` աւելցնելով, որ որեւէ պահու պիտի օժանդակէ:

Նոր նշանակուած նախարար Արծուիկ Մինասեան շեշտած է, որ վարչապետին կողմէ մատնանշուած հիմնախնդիրները պիտի ըլլան նախարարութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններն ու օրական գործունէութեան հիմքին մէջ: «Հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը իբրեւ կեդրոնական քաղաքականութեան մաս պիտի ըլլայ օրական ու բոլոր ծրագրային մօտեցումներուն մէջ: Մեզի կը սպասէ դժուար ու լաւ շրջան, մենք յառաջիկային պիտի ներկայացնենք տնտեսական համակարգի ծրագիրը, այնտեղ յեղափոխական մօտեցումներ պիտի ըլլան, կը խնդրենք, որ աջակցութիւնը ամբողջական ըլլայ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

 

 

 

Նախորդը

Զէյնալեան. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Գործնական Արդիւնքները Պէտք Է Տեսանելի Ըլլան Հասարակութեան»

Յաջորդը

Թրամփ Եւ Ցիփրաս Շնորհաւորեցին Վարչապետ Փաշինեանը

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.