Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

May 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալցայմըր» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց, թէ բնական երեւոյթ է, որ տարիքի յառաջացման պատճառով մեր մարմնին մէջ տեղի ունենան որոշ խանգարումներ` լսողութեան, տեսողութեան, յիշողութեան… Երբ յիշողութեան խանգարումին ընկերակցին նաեւ խօսելու, արտայայտուելու, տրամաբանելու խանգարումներ, «Ալցայմըր» հիւանդութիւնն է: Հարկ է դիմել բժիշկին, լսել անոր խորհուրդներն ու թելադրանքները: Ապա հրաւիրեց տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը` մանրամասնօրէն խօսելու յիշեալ հիւանդութեան մասին:

Տոքթ. Այնթապեանը նախ գիտական բացատրութիւն մը տուաւ, թէ ի՛նչ է «Ալցայմըր»-ը, ապա փաուըր փոյնթի վրայ ներկայացնելով ուղեղի ծալքերուն  մէջ եղած փոփոխութիւնները` ըսաւ, որ ուղեղի բջիջներուն մէջ կան հաղորդակցութեան թելեր (transmitters), որոնք կը կոչուին acetylcoline, որոնք հրահանգները կը փոխանցեն ուղեղէն` մարմնին: Հաղորդակցութեան այս թելերը կը սկսին անջատուիլ, եւ կապը կտրուելով` ուղեղէն հրահանգը չի հասնիր, եւ հիւանդը չի յիշեր, որ որոշ գործեր պէտք է կատարէ:

Բժիշկը շարունակեց` ըսելով, որ յիշեալ հիւանդութեան ախտանշանները, ի յայտ կու գան երկու ուղղութեամբ`

– Cognitive կամ գիտակցական ախտանշաններ,
– Հիւանդը անկարող կ՛ըլլայ իր առօրեայ գործերը կատարելու,
– Ընկերային կամ վարուելակերպի ախտանշաններ,
– Տրամադրութեան վերիվայրումներ,
– Յանկարծակի ջղային նոպաներ,
– Ընկերային յարաբերութիւններու խանգարում,
– Պարտականութիւններ մոռնալով:

Բժիշկը թուեց «Ալցայմըր» հիւանդութեան պատճառները`

– Ժառանգական,
– Կեանքի ճնշուածութիւն (stress),
– Արկածներ (գլուխէն հարուածներ):

Խօսելով հիւանդութեան կանխարգիլման միջոցներուն մասին` ան թելադրեց հետեւիլ առողջ սննդականոնի եւ առողջ ապրելակերպի, մեծ կարեւորութիւն տալ մարզանքին, ըլլան անոնք մարմնական, թէ մտային, որոնք հեռու կը պահեն ճնշուածութենէն: Որպէս մտային մարզանք` ան նկատի ունեցաւ ձեռագործը, տրուած ըլլալով, որ անիկա թէ՛ հաշիւ եւ թէ՛ կեդրոնացում կը պահանջէ:

Դասախօսութեան աւարտին բժիշկը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Դարձեալ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը նոյն դասախօսութիւնը տուաւ Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան. Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.