Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանի Ու Արցախի Համար Նոր Հեռանկարներ Կը Բացուին»

May 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախի մէջ ապրող ամէն մէկ քաղաքացի սրտի տրոփով կը սպասէ, որ Հայաստանի մէջ միշտ այսպիսի դրական տեղաշարժեր ըլլան, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ամէն մէկ դրական զարգացում այս կամ այն ձեւով կ՛անդրադառնայ նաեւ Արցախի անվտանգութեան հարցերու լուծման», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ մտավախութիւն ստեղծուած է, թէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակէն օգտուելով` Ազրպէյճան կրնայ որոշակի գործողութիւններու ու սադրանքներու դիմել, Վ. Բալայեան նշեց. «Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդութեան խանդավառութեան պայմաններուն մէջ Ազրպէյճան նման քայլի չի դիմեր, որովհետեւ փողոցը գտնուող այն երիտասարդը, որ դուրս եկած է իր խնդիրները ներկայացնելու, ես համոզուած եմ, որ զէնքը ձեռքին կը պաշտպանէ իր հայրենիքի սահմանները: Այդ պատասխանատուութիւնն է, որ հանրութիւնը իր վրայ վերցուց: Այս տեսանկիւնէն ազրպէյճանցիները յիմար չեն, այդ ամէնը հաշուի կ՛առնեն եւ կը հաշուարկեն:

Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի յոխորտանքներուն, Բալայեան յայտնեց, որ անոնք նորութիւն չեն, եւ իրենք ալ լաւ գիտեն, որ այստեղ ապրող իւրաքանչիւր մարդ պատրաստ է պաշտպանելու իր երկրին սահմանները: «Բազմաթիւ պարագաներու թոյլը կը յոխորտայ: Մենք պէտք է այդ ամէնը լսենք եւ հաշուի առնենք այն առումով, որ մեր վառօդը միշտ չոր պահենք, բնակչութիւնը պէտք է հոգեբանօրէն պատրաստ ըլլայ, այսպէս ապրելով` թշնամին մեզի համար վտանգաւոր չէ: Ունենալ բանակ, փորձել երկրի տնտեսութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւնները զարգացնել. ասիկա այն ճանապարհն է, որ պիտի ըլլայ պատասխանը մեր թշնամիներուն»:

Վ. Բալայեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Արցախ այցելութիւնը նկատեց խորհրդանշական եւ աւելցուց, որ այսօրուան իշխանութիւնները աշխարհին ցոյց տուին, որ Արցախի հիմնահարցերը իրենց համար գերակայ են: Ըստ անոր, նոր հեռանկարներ պիտի բացուին Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութեան համար` բոլոր առումներով:

Վ. Բալայեան դրական քայլ գնահատեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին մէջ Դաւիթ Տօնոյեանի նշանակումը: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ բանակի թեքնիք յագեցուածութեան վրայ ուշադրութիւն դարձնել: Բալայեան ընդգծեց, որ Հայաստան պէտք է ունենայ իր սեփական ռազմական արդիւնաբերութիւնը:

Նախորդը

Արթուր Եղիազարեան. «Դաշնակցութիւնը Յստակ Իր Ուղեգիծին Վրայ Է»

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Փոխվարչապետները. «Գործադիրը Պէտք Չէ Երթայ Ամբոխահաճութեան Ճանապարհով»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.