Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոնտոլեզիա` Իմ Սէր» Թատրերգութեան Կալա Եւ Արա Արծրունիի Պարգեւատրում

May 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատրերգութիւնը` հեղինակութեամբ Արա Արծրունիի եւ բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:  Տեղի ունեցաւ նաեւ Արա Արծրունիի պարգեւատրումը:

Նիւթը կը խօսի քաղաքի մը իշխանաւորի մասին` Սեզար, որ կ՛ուզէ իշխանութեան գլուխը մնալ եւ ծաւալել իր ուժը, հետեւաբար կը դիմէ լծակներու:  Կարծես մարդիկ ծարաւ ունին իշխելու եւ ամէն ճիգ, ամէն միջոց ի գործ կը դնեն, որ մնան իրենց դիրքին եւ աթոռին վրայ, միւս կողմէ Անիպալը, դէմ կը կանգնի Սեզարին եւ կ՛ուզէ տապալել անոր վարչակարգը: Ըստ Անիպալի, պատիւն ու խիղճը կը յաղթեն անարդարութեան: Ան կը ներկայացնէ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք ունին տեսիլք, երազ, նպատակ, որոնց իրականացման  համար յանձն առած են ամէն զոհողութիւն: Սակայն շուտով Անիպալի մէջ կը փոխուի ամէն բան, եւ աթոռին հասնելու համար ինքն ալ կը ստիպուի իր խաղերը խաղալու: Անոր մաքուր սէրն ու երազը կը վերածուին փառամոլութեան, որուն գինը կը վճարէ իր կեանքով եւ կը զոհուի:

Դերակատարներն էին Սեզար` Ժան Պեքերեճեան, Ղուկաս` Զաւէն Պաաքլինի, Անիպալ` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Եւա` Արփի Սողոմոնեան, Տիտի` Նժդեհ Մկրտիչեան, Էտի` Հրայր Գալեմքէրեան, ճղճիմ մարդ` Էթիեն Սէօքիւնեան, երեք պահակներ` Յովսէփ Գաբլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Կարօ Փանողլեան, խօսնակուհիի ձայն` Ծովիկ Թորիկեան, անծանօթ բամբ ձայն` Կարօ Քիրիաքօ:

Թատրոնի աւարտին խօսք առաւ Կարօ Յովհաննէսեան եւ ներկայացուց Արա Արծրունին: Ան ըսաւ, թէ Արա Արծրունի ծնած է 1932-ին վանեցի ծնողքէ, ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» ամսագիրին, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, «Կամար» հանդէսին եւ «Արծիւ» ամսաթերթին: 1969-1972 եղած է «Ազդակ» օրաթերթի մշակութային էջի պատասխանատու, 2012-ին անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան. ան մաս կը կազմէ «Գ. Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատական կազմին: Ըստ Յովհաննէսեանի, գրական-հրապարակագրական հարուստ վաստակով մը կը ներկայանայ Արա Արծրունի մեր իրականութեան մէջ: Արձակ գործերուն մէջ բացի  «Վիրաւոր ծիծեռնակը» հատորէն Արա Արծրունի ունի բազմաթիւ վիպակներ, պատմուածքներ եւ գրական էջեր, որոնք լոյս ընծայուած են վերոյիշեալ գրական պարբերականներուն մէջ: Ստորագրած է բազմաթիւ հրապարակագրական էջեր «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Արծիւ» ամսաթերթին մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ 1972-ին Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը անոր հրապարակագրական էջերէն առանձին հատորով մը հրատարակած է «Եղեռնի հետքերով» յօդուածաշարքը` «Ազդակ» օրաթերթէն, 31 յօդուած: Անցեալ տարի լոյս տեսան անոր «Ծուէններ» եւ «Ալեկորիա» վէպերը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն: Արա Արծրունիի գրական վաստակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թատրերգութիւնները, որոնցմէ շատեր բեմ բարձրացած են Լիբանանի, Գիւմրիի, Երեւանի, Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, որ Արա Արծրունիի ընդհանուր վաստակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թատերական գրականութեան անհեթեթի մասը` աւելցնելով, որ հայկական անհեթեթի թատրոնի երկու ժամանակակից հիմնադիրներէն են Արա Արծրունի եւ պոլսահայ թատերագիր Արման Վարդանեան:

«Պէտք է հաստատել, որ անոնց ոճերը կը տարբերին իրարմէ: Արման Վարդանեան անհեթեթի թատրոնի զտարիւն հեղինակ է, իսկ Արա Արծրունի անհեթեթին կը միացնէ այլաբանութիւնը: Արա Արծրունի բարձունք մը կը հանդիսանայ եւ ուրոյն տեղ կը գրաւէ մեր գրականութեան յատկապէս թատրերգութեան մարզին մէջ», եզրափակեց Կ. Յովհաննէսեան:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան. ան նախ ըսաւ, թէ Արա Արծրունին իր գործերով տեւաբար պիտի ծառայէ սփիւռքահայ թատրոնին: Ան դիտել տուաւ, որ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանութիւնները երկար ատեն մնացին իր ընտանիքին մօտ, ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան յանձնուելով պէտք է լոյս տեսնէին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք օգտագործել: Խմբագրական այդ հսկայական աշխատանքը սիրայօժար եւ բծախնդրութեամբ կատարած է Արա Արծրունին:

Ապա Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի շքանշանը յանձնեց Արա Արծրունիին: Այնուհետեւ Արա Արծրունի շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ  ըսաւ, թէ պարգեւատրումը ծանր կը ճնշէ իր սրտին վրայ, սակայն երիտասարդական օրերէն գիտէր, թէ արդար վերադարձը միշտ պէտք է ըլլայ դէպի գլխագիր սկիզբը, սկիզբը վերջ չէ, այլ ակունքը ճշմարիտ ակին. ակունք էր այն օրը, երբ ծնաւ Համազգայինը այն ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջ աշխարհը կը կարծէր, թէ մահամերձ է Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ տարտղնուած հայութիւնը: Ըստ անոր, Աղբալեան, Շանթ, Օհանջանեան եւ այլ մեծութիւններ ունեցան տեսլական մը, անոնք Համազգայինի ճամբով ստեղծեցին մեր վերականգնումի գլխաւոր հիմերէն մէկը` վերածաղկեալ հայ մշակոյթը: Ա. Արծրունի ուրախութիւն յայտնեց, որ բեմին վրայ եւ սրահին մէջ կը տեսնէ երիտասարդներ, որոնք վառ կը պահեն Համազգայինի ջահը:

Խօսքի աւարտին Արա Արծրունիի յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը:

Նախորդը

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Նորընտիր Երեսփոխանները Ընդունեցին Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն Շնորհաւորութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.