Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Կ՛առաջարկէ Արագացնել Հայաստանին 140 Միլիոն Տոլարի Կրթական Աջակցութեան Տրամադրումը

May 11, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 մայիսին, Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, որ գործնականապէս նեցուկ կանգնի Հայաստանի մէջ իրականացած իշխանութեան աննախընթաց, խաղաղ եւ սահմանադրական փոխանցումին` արագացնելով «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով Հայաստանին 140 միլիոն տոլարի կրթական աջակցութիւն տրամադրելու որոշումին քննարկումը:

Յիշեցնենք, որ Հայ դատի այս աջակցութիւնը կը նպատակադրէ զարկ տալ Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան դասաւանդման զարգացման նպատակներուն համար նշեալ հիմնարկէն յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու ջանքերուն:

Նշենք, որ Փոմփէօ ի պաշտօնէ նաեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի վարչութեան ատենապետը կը հանդիսանայ: Անոր հասցէագրուած նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը շեշտէ, թէ պատմական այս փուլին, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի վարչութիւնը հոյակապ առիթը ունի նպաստելու Հայաստանի ժողովրդավարացման ջանքերուն, յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանի ժողովուրդը իր արարքներով փաստեց, թէ կրնայ օրինակ հանդիսանալ ժողովրդավարական կարգեր հաստատել ջանացող այլ երկիրներու: «Այս միջոցին, երբ Հայաստան սկսած է իր ապագան առնելու իր ձեռքերուն մէջ, մենք կրնանք նեցուկ կանգնիլ եւ պէ՛տք է նեցուկ կանգնինք անոր նոր կառավարութեան` սերտացնելով մեր երկկողմանի համագործակցութիւնը, տնտեսական գործակցութիւնը եւ շրջանային տագնապներուն լուծումներ գտնելու ջանքերը», կ՛աւելցնէ Համբարեան:

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս նպատակով վերջերս հանդիպումներ ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Ռապըրթ Մենենտեզի, Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Քրիս Վեն Հոլընի եւ Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Ճեֆ Ֆորթընպերիի հետ, եւ քննարկուած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու սերտացումը, Արցախի ապահովութեան եւ անկախութեան երաշխաւորումն ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը:

«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004-ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Ծրագիրը ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է ի միջի այլոց նաեւ Հայաստանին, որ 2006-ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում մը: Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ այլ քոնկրեսականներու հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման գծով:

Նախորդը

Պիելի Մէջ. Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներուժի Խորհրդաժողովի Ե. Հանդիպում

Յաջորդը

«Պաքու Պատրաստ Է Բանակցութիւններ Վարելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Շուրջ» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.