Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէյֆաթի Մէջ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած` Ապու Ֆարաժը Սպաննող Յանցագործը Ապահովութեան Ուժերուն Չյանձնելու Պատճառով

May 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէյֆաթի մէջ զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհին` Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեամբ մեղադրուած յանցագործը` Ամին Սուքի, տակաւին չէ յանձնուած ապահովութեան ուժերուն:

Ալա Ապու Ֆարաժի ընտանիքը որոշած է իր հարազատին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը առկախել` մինչեւ Սուքիի յանձնումը:

Շուէյֆաթի կրօնաւորներն ու հեղինակութիւնները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանէն պահանջեցին յանձնել ապահովական իր պատասխանատուն` Ամին Սուքին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Արսլանէն կը պահանջուի 24 ժամուան ընթացքին պատասխանել` յանձնառու մնալով տիւրզի համայնքին միասնականութեան:

Երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Արսլան յայտնեց, որ Ալա Ապու Ֆարաժ Թալալ Արսլանի նահատակն է` աւելցնելով, որ ինք որոշած էր լուռ մնալ, սակայն ոմանց կողմէ բանեցուած ճնշումին ի տես` իրենք իրենց խօսքը պիտի ըսեն յուղարկաւորութենէն ետք:

Արսլան շեշտեց, որ իր մօտ գտնուող յանցագործները յանձնած է ապահովութեան ուժերուն` շեշտելով, որ փախուստ տուած յանցագործները ձերբակալելը իր պարտականութիւնը չէ:

«Յանցագործներէն ոչ ոք իմ հովանիիս տակ կը գտնուի: Հարցը պէտք է շրջահայեաց կերպով դիտել, որովհետեւ կան սադրիչներ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ իր կարգին հաստատեց, որ Շուէյֆաթի դիմագրաւած այս դժուար փուլին ընթացքին, պէտք է բոլոր մեղսակիցներն ու յանցագործները յանձնել ապահովութեան ուժերուն:

Ան մեծապէս գնահատեց Շուէյֆաթի կրօնաւորներուն ու հեղինակութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց նահատակ Ապու Ֆարաժի ընտանիքին:

Միւս կողմէ, Թայմուր Ժոմպլաթ չեղեալ նկատեց կիրակի, 13 մայիսին Մուխթարայի մէջ կազմակերպուելիք յաղթանակի փառատօնը` առ ի զօրակցութիւն Ապու Ֆարաժ ընտանիքին:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, որ արդեօք Ամին Սուքին Արսլանի համար աւելի՞ կարեւոր է, քան Շուէյֆաթի կրօնաւորներն ու հեղինակութիւնները եւ տիւրզիներու արիւնը, որ ան կը շարունակէ զայն ապահովութեան ուժերուն չյանձնել:

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Մէջ Մասնակցած Է Եռատօնին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Ռակպի. Պալամանտի Համալսարանը Տիրացաւ Համալսարաններու 2017-2018 Տարեշրջանի Տիտղոսին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.