Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԷՇԹԸՆ ԻՐԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

November 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էշթըն եւ Նալբանդեան` միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց Էշթընը եւ նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ շարունակական խորացումը: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին զգալիօրէն աշխուժացած է երկխօսութիւնը Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն հետ երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ:

Ըստ անոր, Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան երկրորդ վեհաժողովին ընթացքին Քեթրին Էշթընի հետ ունեցած հանդիպումը լաւ առիթ մըն էր յառաջիկայ աշխատանքներուն շուրջ միտքեր փոխանակելու եւ համագործակցութեան մարզերը ուղենշելու համար: Ընդգծելով, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը համընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած համագործակցութեան ընդլայնման հոլովոյթ է, նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ իրենց նպատակը շատ յստակ է. ապագային Հայաստանը տեսնել իբրեւ եւրոպական չափանիշներով կառուցուած բարեկեցիկ երկիր:

Իր կարգին, Քեթրին Էշթըն նշեց, որ ուրախութեամբ կ՛արձանագրէ այն յառաջընթացը, որ նկատելի է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ամրապնդուող յարաբերութիւնները եւ բարձր գնահատեց այն աշխատանքը, որ կը կատարուի ի նպաստ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման: Քեթրին Էշթըն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց եռանդին շնորհիւ այս յառաջընթացը կարելի դարձաւ:

Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն` զանոնք դիտարկելով իբրեւ Եւրոպական Միութեան հետ ծաւալող համագործակցութեան մաս:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Քեթրին Էշթըն քննարկեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Քեթրին Էշթըն երէկ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Վերջինիս հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան խօսեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մասին:

Ան նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հիմնուած են իր այն արժէքներուն վրայ, զորս իրենք կը կիսեն` մարդոց աջակցութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի ուժի հիման վրայ:

Քեթրին Էշթըն շրջանային այցելութեան առիթով յայտնեց, որ պէտք է առջեւ նայիլ, որպէսզի այս շրջանը տնտեսական եւ քաղաքական զարգացում ապրի` զարգացնելով յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Ըստ անոր, ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ արդէն բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ ինք կը կարծէ, որ յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին բանակցութիւնները նոր հանգրուան պիտի մտնեն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն հաւանական է ճգնաժամի երկրորդ ալիքին պատճառով գործընկեր-պետութիւններուն, մասնաւորաբար` Հայաստանին Եւրոպական Միութեան ելեւմտական աջակցութեան կրճատումը, Քեթրին Էշթըն արձագանգեց, որ իրենք կը ցանկան ամրապնդել եւ ոչ թէ թուլացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:

Նախքան Հայաստան այցելութիւնը Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցով գլխաւոր յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտարարեց, որ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման հարցով Եւրոպական Միութեան դերը քիչ մը տարբեր է Մինսքի խմբակի դերէն, որ անմիջականօրէն կը զբաղի այդ խնդիրով:

«Եւրոպական Միութեան իմ կողմէս նշանակուած Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչի լիազօրութիւններուն մէջ կը մտնէ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան տրամադրումը: Եւրոպական Միութիւնը միարժէք կ՛աջակցի վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններուն, որոնք կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ», յայտնեց ան:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՅԱՅՏՆԻ ԴԱՐՁԱՒ

Յաջորդը

«ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻԵՒՆՈՅՆՆ Է, ԹԷ Ո՛Վ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ» Կ՛ԸՍԷ ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։