Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Երախտամատեան Առ Աւագ Արքեպիսկոպոս» (Խմբագիրներ` Վարուժան Արքեպիսկոպոս, Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան Եւ Արամ Սարկաւագ Քէթէնճեան)

May 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պաղտատի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Երախտամատեան առ Աւագ արքեպիսկոպոս» հատորը: Գիրքը հրատարակուած է Իրաքի հայոց առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ եւ թեմին ազգային կեդրոնական վարչութեան մեկենասութեամբ եւ նուիրուած է առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի քահանայագործութեան քառասուն ամեակին: Խմբագիրներ` Վարուժան արքեպիսկոպոս, Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան եւ Արամ սարկաւագ Քէթէնճեան: Աշխատակիցներ` Արշալոյս Աւետիսեան, Նուէր Շիրանեան, Արա սարկաւագ Միրզոյեան եւ Վահէ Աւետիսեան: Լուսանկարիչներ` Էմրի Լուսէեան, Րաֆֆի Լուսէեան եւ Շանթ Թէրճանեան:

Գիրքը կը բացուի Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով եւ Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի սրտի խօսքով:

Վարուժան արքեպիսկոպոս կը վկայէ ըսելով, որ առաքելութեան գիտակից ճամբորդն է Աւագ արքեպիսկոպոս: Անոր համար ծառայութիւնը ապրելաոճ է, կեանքը արժեւորելու եղանակ: Հեռու լուսարձակներէ եւ գովասանքներէ, ան նուիրուած է իր առաքելութեան: Մտաւորական հարուստ ներաշխարհի մը տէրն է Աւագ արքեպիսկոպոս: Ներաշխարհ, ուրկէ մշտածոր է սէրը, լայնախոհութիւնը, հանդարտութիւնը, համբերութիւնը եւ վարչագիտութիւնը: Պայծառատես է եւ բծախնդիր: Հեռատես է եւ պահանջող: Իրատես է եւ հաստատ:

Աւագ արքեպիսկոպոս, աւազանի անունով` Վազգէն, ծնած է Պաղտատ 1942-ին: 1974-ին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ ձեռնադրուած է սարկաւագ ձեռամբ Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի: Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 1977-ին, Ս. Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Յուսիկ եպիսկոպոս Սանթուրեանի, վերանուանուելով Աւագ աբեղայ: 1978-ին Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ ստացած է վարդապետական աստիճան ձեռամբ Պսակ արքեպիսկոպոս Թումայեանի:

Վազգէն Ա. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ 1979-ին նշանակուած է Իրաքի թեմի առաջնորդական տեղապահ: 1980-ին ընտրուած է առաջնորդ եւ վերընտրուած 1984-ին, 1988-ին, 1992-ին, 1996-ին, 2000-ին, 2004-ին, 2008-ին եւ 2012-ին: 1982-ին Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ Վազգէն Ա. վեհափառին ձեռամբ ստացած է եպիսկոպոսական օծում: 1993-ին վեհափառը անոր շնորհած է արքութեան պատիւ:

***

Իրաքի հայոց թեմը կը գործէ Ս. Էջմիածնի հովանիին տակ: Աւագ սրբազան ջանք չէ խնայած սէր եւ համակրանք ստեղծելու համար մայր աթոռին նկատմամբ: Սրբազան հայրը քահանայից պատրաստութեան հոգեւոր ուսումնարան հիմնած է եւ թեմը օժտած հոգեւորական հայրերով: Վերակազմած է առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դասը: Իր հրամանով կեանքի կոչուած է առաջնորդարանի «Կանթեղ» եռամսեայ պաշտօնաթերթը, որ գոյատեւած  է ամբողջ տասնամեակ մը:

Գաղութի առօրեայ վիճակին ծանօթանալու նպատակով Աւագ սրբազան այցելութիւններ կազմակերպած է: Ան մօտէն ծանօթացած եւ իրազեկ  եղած է իր ժողովուրդին տնտեսական, ընտանեկան պայմաններուն, նիւթական դժուարութիւններուն, եղած է վշտակից անոնց ցաւերուն, խրախուսած, յորդորած ու խրատած է ամուր կանգնելու իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ հայկական արժէքներուն վրայ:

Մեկնելով մատղաշ սերունդը դաստիարակելու եռանդէն եւ նախանձախնդրութենէն, ազգային վարժարաններու բացակայութեան պատճառով Աւագ սրբազան ջանացած է կիրակնօրեայ դպրոց-հաւաք մը հիմնել Պաղտատի եւ այլ հայաշատ շրջաններու մէջ: Կիրակնօրեայ հաւաքը կեանքի կոչուեցաւ 1985-ին: Կիրակնօրեան ունեցաւ իր երգչախումբը:

Կիրակնօրեայ հաւաքի կողքին, 1986-ին սրբազանը յառաջացուց հայ եկեղեցասիրաց կազմը, որ կը միտէր Սուրբ Գիրքի եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գիտելիքներ ջամբել ժողովուրդին: Հայ եկեղեցասիրաց կազմը կը հրատարակէր «Կոչնակ» պարբերականը եւ ունէր պատանիներէ ու պարմանուհիներէ կազմուած «Շարական» դպրաց դասը:

Աւագ արքեպիսկոպոսի եւ ազգային առաջնորդարանի ջանքերով, կրթական նախարարութեան հրամանով 2004-ին վերաբացուեցաւ Ազգային վարժարանը, որ պետականացուած էր 30 տարի առաջ:

Աւագ արքեպիսկոպոս իբրեւ աւանդապահ ազգային կալուածներու, աշխուժ եւ եռանդուն աշխատանք տարաւ ժողովուրդին հոգեւոր, ազգային ու կրթական կեանքը բարելաւելու եւ բարեկարգելու համար: Թեմին կալուածները վերածուեցան եկամուտի աղբիւրներու: Անոնցմէ եկած եկամուտը կ՛օգտագործուի կրօնական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու իրագործման:

Աւագ սրբազան մօտէն հետեւած է Իրաքի բոլոր հայ եկեղեցիներու կարիքներուն եւ հովանաւորած է շրջաններու հայաշտ համայնքներու, ազգային կեդրոններու, եկեղեցիներու վերանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքները եւ կատարած նորանոր շինարարութիւններ:

Աւագ սրբազան Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին օժտեց մեծ եւ տպաւորիչ սրբանկարներով եւ աւետարանական ու պատմական զարդագիրներով:

Աւագ սրբազանի նախաձեռնութեամբ ազգային նոր գերեզմանատան մէջ կառուցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցին Ծոցի պատերազմին ժամանակ, 1991-ին, երկու անգամ ռմբակոծուելով վնասուած էր: Աւագ սրբազանի նախաձեռնութեամբ աւանդատունը ընդարձակուեցաւ եւ կառուցուեցան նոր գմբէթն ու նոր զանգակատունը, ինչպէս նաեւ մեծկակ համալիր մը, բաղկացած` հոգեւոր հովիւի բնակարանէն, գրասենեակէ, պահեստարանէ, թանգարանի սրահէ, յուշանուէրներու սենեակէ եւ ուխտաւորներու յատկացուած յարկաբաժիններէ:

Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին կառուցուեցաւ ազգապատկան շէնք մը:

Մուսուլի Ս. Էջմիածին նոր եկեղեցին կառուցուեցաւ 2001-2004-ին, բայց յետոյ թիրախ դարձաւ իսլամական ծայրայեղականներու եւ կողոպտուեցաւ:

Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ենթարկուեցաւ կարեւոր նորոգութիւններու:

Քերքուքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիմնովին նորոգուեցաւ եւ օծուեցաւ: Կառուցուեցաւ նաեւ նոր եկեղեցի:

Զախոյի մօտակայ Աւզրուկ գիւղը 2001-ին օժտուեցաւ սեփական Ս. Վարդան եկեղեցիով:

Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին կառուցուեցաւ 2008-ին:

Հաւրէզք հայաբնակ գիւղը 1973-ին պարպուած էր իր բնակչութենէն: 2003-ի պատերազմէն ետք գիւղի բնակիչներէն շատեր վերադարձան: Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շինարարութիւնը 2014-ին աւարտեցաւ եւ 2015-ին օծուեցաւ:

Աւագ սրբազանի ջանքերով Պաղտատի առաջնորդարանին մէջ 1997-ին բացուեցաւ թանգարան, ուր պահուած են եկեղեցական սրբազան իրեր, կոնդակներ, ձեռագիրներ, սրբանկարներ, զգեստներ, անօթներ եւ ձեռագործ ծածկոցներ:

Պաղտատի, Զախոյի, Պասրայի եւ Մուսուլի մէջ տարիներու ընթացքին կառուցուեցան հասութաբեր շէնքեր:

***

Աւագ արքեպիսկոպոս բեղմնաւոր գործունէութիւն տարած է համայնքին տարբեր շրջանները իրարու մօտեցնելու եւ յատկապէս թաղական խորհուրդներու միջեւ սերտ յարաբերութիւն ստեղծելու կապակցութեամբ: Ան հերթաբար հովուական այցելութիւններ տուած է բոլոր շրջաններուն:

Աւագ արքեպիսկոպոսի շինիչ յարաբերական ջանքերով Իրաքի հայոց առաջնորդարանին մէջ մէկտեղուած են համաշխարհային եկեղեցական, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական, եւ նոյնիսկ իրարու հակադիր եկեղեցիներու եւ կրօններու առաջնորդներ եւ կրօնապետեր:

«Երախտամատեան առ Աւագ արքեպիսկոպոս» գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ սրբազան հօր գրութիւններէն, քարոզներէն, արտասանած խօսքերէն եւ պատգամներէն նմոյշներ: Նաեւ` փունջ մը վկայութիւններ եւ գնահատանքներ սրբազան հօր մասին:

Նախորդը

Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Մայիս Ա. – Սուրիահայ Համայնքին Նուաճած Վստահութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.