Իրան զգուշացուցած է, որ պիտի լքէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած միջազգային գործարքը, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկիրը դուրս բերէ համաձայնագիրէն:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթին: «Եթէ Միացեալ Նահանգներ դուրս գան հիւլէական համաձայնագիրէն, մենք նոյնպէս չենք մնար ատոր մէջ», ըսած է ան:
Թրամփ քանի մը անգամ սպառնացած էր, որ դուրս պիտի գայ համաձայնագիրէն` զայն կոչելով «խելայեղ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս հարցով իր վերջնական որոշումը պիտի յայտարարէ 12 մայիսին:
Յիշեցնենք, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրը կնքուած է 2015-ին:



