Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստան Գործադրութեան Կը Դնէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Բնակիչներուն Օգնելու Ծրագիր Մը

May 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ «Քայլ դէպի լաւագոյն ապագայ» խորագրեալ խաղաղ նախաձեռնութեան գործադրութեան, որ կը ձգտի Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա բնակող քաղաքացիներուն մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին:

Նախապէս Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէ յայտարարած էր, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ նոր, աւելի աշխուժ քայլերու ձեռնարկել` աբխազներու եւ օսերու հետ հաշտուելու քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

«Ասիկա նոր խաղաղ նախաձեռնութիւն է «Քայլ դէպի լաւագոյն ապագայ» խորագիրով: Վրաստանի ղեկավարութիւնը հաշտութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ կ՛առնէ շօշափելի քայլեր, որոնք կը ձգտին Աբխազիոյ եւ Ցխինվալի (Հարաւային Օսեթիա «Ա.») տարածաշրջանը բնակող քաղաքացիներու մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններու եւ հասարակաց շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ամրապնդման», յայտարարած է Քվիրիքաշվիլի կառավարութեան 4 ապրիլի նիստին: Անոր համաձայն, ասիկա անգամ մը եւս կը հաւաստէ, թէ «Վրաստան պիտի շարունակէ խաղաղ ուղեգիծը` հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն»:

Ան նշած է, թէ այս որոշումը կը հետապնդէ հաշտեցման հոլովոյթի աշխուժացման եւ վստահութեան վերականգնման նպատակ: Քվիրիքաշվիլի յայտնած է, թէ մշակուած են օրէնսդրութեան փոփոխութիւններ, որոնք կը ներառեն հետեւեալ կէտերը` տարանջատման գիծի երկայնքով առեւտուրի ընդլայնում եւ դիւրացում, որակեալ կրթութիւն ստանալու յաւելեալ պայմաններ, ստեղծում այնպիսի մեքանիզմի, որ պիտի դիւրացնէ օգտուիլը այն ձեռքբերումներէն, որոնց հասած է Վրաստանը, ներառեալ` Եւրոպական միութեան հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը, ազատ առեւտուրը եւ այլն:

Նախորդը

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

Յաջորդը

«Եւրոպան Պէտք Է Դադրեցնէ Դէպի Թուրքիա Զէնքի Արտածումը» Կ՛ըսէ Տաղտելեն

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.