Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Մէջ Օրէնքի Գերակայութիւնը Մեռնող Յուշ Դարձած Է»

May 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3 մայիսին, Մամլոյ ազատութեան օրուան առիթով «Լրագրողներ առանց սահմանի» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ իր տարեկան տեղեկագիրը:

Թուրքիա, մամլոյ ազատութեան առումով, 180 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 157-րդ տեղը: Նաեւ կը նշուի, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը, վերջին 30 տարիներուն հետ բաղդատած` ամէնէն վատ վիճակը կը պարզէ:

«Թուրքիա կը նկատուի լրագրողներու համար մեծագոյն բանտը. մեծ թիւով լրագրողներ, աւելի քան տարի մը առանց դատական վճիռներու բանտարկուած մնալէ ետք, այս տարի զանգուածաբար դատուեցան ու մեղադրուեցան 15 յուլիս 2016-ի դէպքերուն հետ առնչութիւն ունենալու յանցանքով: Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր կը շարունակուի արտակարգ դրութեան իրավիճակը, որուն իբրեւ հետեւանք` բազմակարծութիւնը ամբողջովին կորսուած է, ու նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են` սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ տիրող իշխանութիւնը պահպանելու համար: Այս երկրին մէջ օրէնքի գերակայութիւնը մեռնող յուշի մը վերածուած է: Այն իրողութիւնը, որ 2018-ի յունուար ամսուն Սահմանադրական դատարանը վճռեց ազատ արձակել երկու լրագրողներ, սակայն վճիռը կեանքի չկոչուեցաւ` արդէն իսկ կու տայ իրավիճակին ամբողջական գնահատականը», կ՛ըսուի տեղեկագիրին մէջ:

 

Նախորդը

Վաղը Քուէ՛ն Պիտի Խօսի

Յաջորդը

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.