ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
1972-ին գիշերօթիկ աշակերտ էի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Նոյն ժամանակ մաս կազմած եմ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան: Ծարաւ էի գիտութեան ու զարգացումի եւ ինկած էի այդ պապակը յագեցնելու ճիշդ միջավայրը:
Այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները: Իսկ այդ տարիքին նոր սկսած էինք ըմբռնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրական դաշինք, ընտրական շրջան եւ այլն: Իսկ կուսակցութիւններու գաղափարական թէ քաղաքական զուգահեռները եւ խաչմերուկները տակաւին անյստակ էին մեզի` մեր սերունդին համար:
Ճեմարանի գրադարանին` աշակերտութեան տրամադրած «Ազդակ» օրաթերթի 3 կամ 4 առօրեայ անբաւարար օրինակներու ընթերցողներս սկսած էինք ըմբռնել «Երեսփոխանական հայկական պլոք» կամ «Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք» արտայայտութիւններ, սակայն այնքան ալ իրազեկ չէինք, թէ անկէ առաջ որո՛ւ հետ ընտրական դաշինք գոյացած էր: Գիտէինք, որ 1958-ին լիբանանահայութիւնը անցուցած էր տխուր դէպքերու փուլ մը, սակայն 1965-ին` Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին ունեցած էինք միասնական, պահանջատիրական կեցուածք:
Որպէս «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան անդամներ` մեր երեք վարիչները (զուգադիպութեամբ երեքին անուններն ալ Յակոբ, եւ երեքն ալ այսօր ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին), մեզ գործուղեցին ընտրարշաւին թռուցիկներ եւ ընտրացանկեր բաժնելու ճեմարանի մերձակայ հայահոծ հայկական թաղերուն մէջ:
Կրակոտ պատանիներ էինք: Մեր սրտերուն մէջ կրակ կար եւ հայկական միացեալ եւ միասնական ընտրական ճակատով մը ներկայանալու բարձր ոգին պատած էր մեր հոգիները: Իրերայաջորդ օրերուն բծախնդրօրէն կատարեցինք մեզի վստահուած առաքելութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը վարակած հայկական միասնականութեան մթնոլորտը վարդագոյնով եւ նարնջագոյնով շիկացուցած էր մեր կապոյտ հորիզոնը` յաղթանակի յոյսի հորիզոնը:
Տեղի ունեցան ընտրութիւնները:
Մեր աշխատանքը ունեցաւ յաջող ու յաղթական աւարտ: Ու հինգ հայ երեսփոխաններ յաջողեցան ընտրութեան: Չեմ մոռցած անունները` Մելքոն Էպլիղաթեան, Սուրէն Խանամիրեան, Արա Երեւանեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Անդրանիկ Մանուկեան (յարգանքս` անոնց տիտղոսներուն):
Հայկական պրիսմակը յաջողած էր մեր ծիրանի գօտիին գոյները միացնել ճերմակին: Մէկ գոյն, հայկական ճերմակ գոյն:
Առաւել եւս, կողմնակի զրոյցներէն կ՛իմանայինք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընտրացանկին անուններէն երկու երեսփոխաններ` Ժոզեֆ Չատեր ե Քարիմ Բագրատունի հայկական ծագում ունէին:
Մեզի նման գաղափարական երազկոտ պատանիներուս համար մեծ նշանակութիւն ունէր լիբանանահայութեան միասնական յաղթանակը: Հայկական երեսփոխանական պլոքը ունէր իր սենեակը, Հանրի Ֆարաոնի պալատին մօտակայ, Դաշնակցութեան հնամենի ակումբին մէջ, իր գործավար տնօրէնով, յանձինս մեր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի արի-արենուշներու ընդհանուր խմբապետ Ճոնի Արեւեանին:
Այդ հայկական (բառին իսկական իմաստով) երեսփոխանական պլոքին վիճակուեցաւ ճակատագրական եւ բախտորոշ դեր կատարել. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, Թաէֆի համաձայնագիր եւ այլն: Դրական չէզոքութեան հայկական կեցուածքը եւ Թաէֆի համաձայնագրի պատրաստութեան գծով մեր պլոքը հաւասարակշռող նժարը հանդիսացաւ:
Անցնող օրերուն առիթը ունեցայ այցելելու Լիբանան, Պէյրութ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու չորս միաբան վարդապետներու եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան` Անթիլիասի, Կիլիկիոյ մեր պատմական կաթողիկոսական նստավայրին մէջ: Իջեւանած էի Պուրճ Համուտ, հարազատներուս քով: Ճամբան, Արիտայէն մինչեւ Պէյրութ, զարդարուած էր ընտրական պաստառներով, գովազդներով եւ նկարներով: Իսկ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերուն մէջ բարձրացած էին հայկական երեսփոխանական թեկնածուներուն միացեալ թէ անհատական պաստառները, նկարները:
Հետիոտն ման կու գայի թաղերուն մէջ. «Նիկոլ Դուման», «Սերոբ Աղբիւր», «Արագած», «Սարդարապատ» ակումբներ, քաղաքապետութեան հրապարակ, «Արաքս», «Մարաշ» փողոցներ, «Շաղզոյեան» կեդրոն… եւ այլն:
Ակնբախ էր մէկ կարեւոր երեւոյթ. ՀՅԴ-ն նախաձեռնած էր վերականգնել երեսփոխանական հայկական պլոքը, որ խափանուած էր 2000 թուականի ընտրութիւններէն ետք: Հայ երեսփոխաններ կային, սակայն համանուն պլոքը չքացած էր, բռնի, սակայն «ժողովրդավար» միջոցներով:
Նախքան Պէյրութ գալս` այս նախաձեռնութեան մասին տեղեկացած էի ելեկտրոնային գրաւոր, թէ բանաւոր լրատուական միջոցներով` Դիմատետրի, Եու Թիուպի էջերով: Հայկական զանգուածը դրուատիքով կ՛արտայայտուէր այդ նախաձեռնութեան մասին եւ ջատագովը կը հանդիսանար, ի բաց առեալ` սակաւաթիւ թեկնածուներու (եւ անոնց ետին կանգնած հոսանքներուն), որոնք երամէն դուրս եւ կամ օտար երամի մը հետ կը սաւառնէին: Ցաւով կը լսէինք նաեւ, որ ձախողած էր Պեքաայի ընտրատարածքին մէջ համախոհութեան մը գոյացումին:
Պուրճ Համուտի մէջ տեղի կ՛ունենային ընտրական հաւաքներ, միթինկներ, ժողովուրդի զանազան խաւերուն հետ հանդիպումներ, երգահանդէսներ եւ ընտրարշաւը յառաջ մղելու նոր մեթոտներ ու միջոցառումներ:
Մէկ խօսքով, ընտրական գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու, երեսփոխանական հայկական պլոքը յաջողցնելու համար ջանք ու ճիգ չէր խնայուեր:
Ուժի եւ կամքի լարումը գերագոյնին հասած էր: Թուականը հեռու չէր` 6 մայիս 2018: Յաղթանակի որոշում գոյացած էր, հաւաքական յաղթանակի:
Այսօր տարածաշրջանս արաբական խաբուսիկ, կերպընկալէ մահաբոյր արհեստական ծաղիկներով սեւացած, ականներու դաշտի նման դարձած է:
Ամէնուրեք` ցնցումներ, ահաբեկչական գործողութիւններ եւ պատերազմներ, մանաւանդ` քաջալերուած մեծապետական միջազգային թէ շրջանային ծաւալապաշտ ուժերէն:
Ահաւասիկ սուրիական տագնապը թեւակոխած է իր 8-րդ տարին, հազիւ զմեզ յուսադրած լուծման ցնորքով` նոր արիւնալի փուլ մը կը թեւակոխէ:
Այս քաոսին մէջ ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ ճակատագիր վերապահուած է Լիբանանին թէ լիբանանահայութեան, որ անցուցած է քաղաքացիական պատերազմի 20-ամեայ դառն փորձը:
Վերջերս անցնող 8-10 օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը, սահմանադրական անկիւնադարձային նախաքայլերով` նախագահի թէ վարչապետի ընտրութիւն, առանց մտահան ընելու Արցախին թէ Հայաստանի գլխուն կախուած դեմոկլեան սուրի` արտաքին թուրք-ազերիական սպառնալիքները:
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ԿԿ-ի վերոյիշեալ հայկական պլոքի մը վերակազմութեան համար որոշումը եւ թափուած մեծ ճիգերը, մանաւանդ միասնականութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն, դիտուած, մեծապէս ողջունելի են:
Այո՛, այսօր հայութիւնը հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
Աւելորդ է այլեւս երկարաբանել միասնականութեան մասին վերլուծելով: Մէկ խօսք:
Հայութիւնը, մանաւանդ այս առիթով` լիբանանահայութիւնը, պէ՛տք է ունենայ իր երեսփոխանական հայկական միասնական պլոքը:
Քեսապէն գրելով այս տողերս` ամենաջերմ մաղթանքները կ՛ուղղեմ լիբանանահայութեան այս միասնական կեցուածքը յաղթանակով պսակուած տեսնելու:
Քեսապ
20 ապրիլ 2018



