Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 29 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային միօրեայ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 117 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ, բաժնուած` տարբեր դասակարգերու:
Բաւական սուր պայքարէ մը ետք, որոշ դասակարգերու մէջ տիտղոսակիրները յստակացան վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք միայն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանի, ճատրակի յանձնախումբի պատասխանատու` Րաֆֆի Ստեփանեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Ռոլան Ախրասի եւ Հիւսէյն Համմուտի:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ալի Ժաուիշ, Էլի Հուլիշեան, Գէորգ Կոստանեան, Հրայր Պրունսուզեան, Ժիրայր Օգնայեան եւ Յովիկ Թորոսեան:




