Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Բանակցութիւնները Անխուսափելի Իսկ Իշխանութեան Փոփոխութիւնը Անյետաձգելի

May 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող օրերուն լարուած եւ փողոցը տաք պահող մթնոլորտը պէտք է եզրակացուի բանակցութիւններու անխուսափելիութեան տրամաբանութեամբ:

Բանակցութիւնները վարելու ոճը եւ ձեւը, Նիկոլ Փաշինեանի ընտրած եղանակը բաւական ճնշիչ եւ ժողովրդային են: Ճնշիչ` իշխանաւորներուն եւ ժողովրդային յեղափոխութեան հեղինակներուն համար:

Այսօր օրէ օր աւելի անհրաժեշտ է բանակցութիւններուն սկսիլ, քան փողոցը լարուած պահել: Լուծումներու առանցքը ժողովուրդի թեկնածուն վարչապետ ընդունելու համոզուած քայլն է:

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ պետութեան միաձուլուած համակարգը պէտք է արմատական փոփոխութեան ենթարկուի: Այդ իսկ պատճառով, տարբերակներէն մէկը նկատի ունենալով Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի անփորձութիւնը,  անպայման որ տեղ մը հանրապետականներէն մաս մը պիտի ներառնուի աշխատակազմին մէջ, գէթ ժամանակաւոր, որպէսզի պետութիւնը բնական ընթանայ:

Սակայն այս բոլորէն անդին հաշուետուութեան պահը պէտք է գայ եւ պիտի գայ: Առանց վրէժխնդրութեան` իմանալու համար, թէ իւրաքանչիւրը  ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս ունի այս հարստութիւնը:

Ժողովրդային շարժումը ամբողջական արժէք կը ստանայ, երբ սկսի հաշուետուութեան կանչել այն բոլոր իշխանաւորները եւ անոնց նեցուկ կանգնածները` գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ հարստացած են կամ ունին այս հարստութիւնը:

Հանրապետական կուսակցութեան ճակատագիրը բնականաբար ժողովուրդը պէտք է որոշէ: Սակայն հարստապետերունը պէտք է ըլլայ համապատասխան օրինական ձեւով: Այսօր ճիշդ է այն, որ անոնք, որոնք տարիներով անտեսեցին ժողովուրդին կամքը եւ երիտասարդութեան թռիչքը խափանեցին  ձախողած են եւ վարկաբեկուած:

Ուրեմն լաւ է բնական ձեւով յանձնեն իշխանութիւնը եւ հեռանան: Սակայն իրենց գործած սխալներուն եւ վաստակը ոտնակոխած ըլլալուն համար պէտք է դատապարտուին եւ դատուին օրէնքով եւ օրինական միջոցներով:

Դիւրին չէ վաստակ եւ աւանդութիւն մը ոտնակոխել:

Ձախողութիւնը ընդունիլը եւ հեռանալը միակ ելքն է:

 

 

Նախորդը

Հայկական Յեղափոխութիւն. Երբ «Ամբոխները» Խելագարուած Չեն…

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. ՖԻՆԻՒԼ-ը Եւ Ապագայ Հեռանկարները

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.