Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ոսկեայ Պատեհութիւնը

April 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը` կառավարական դաշինքէն դուրս գալու մասին, վաղուց սպասուած ջրբաժան մըն է, որ աշխատանքի հսկայ նոր ասպարէզ մը կը բանայ Դաշնակցութեան առջեւ վերջին օրերու մահացու շփոթներէն արագօրէն ձերբազատելու եւ մեր պետականութեան կառուցման գործին նորոգեալ թափով նուիրուելու:

Յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կը խօսուի խորհրդարանի նոր ընտրութիւններ կայացնելու պահանջին մասին. քա՛յլ մը, որ կենսական նշանակութիւն ունի այսօր մեր երկրին համար եւ քաղաքական ոստիւնի հրամայական պատեհութիւն մըն է երկրի ժողովրդավարական ուժերը աննախընթաց տարողութեամբ զօրաշարժի ենթարկելու: Իմ կարծիքով, վաղուան խորհրդարանի ձեւաւորումը առաջնահերթ եւ կենսական խնդիր է այսօր ամէն հայու համար: Թող ներուի ինծի ըսել, որ մենք ազգովին իրաւունք չունինք պատմական այս պահը պատահականութիւններու զոհ տալու:

Մեր երկրի քաղաքական բեմին վրայ դեռեւս կը գործեն հասարակութեան խարդախ ոլորտի ուժերը`կապուած մենաշնորհային համակարգի սարդոստայնին, եւ անոնք անպայման պիտի շղթայազերծեն իրենց բոլոր կարողականութիւնները, առեւանգելու համար վաղուան խորհրդարանը: Կասկած մի՛ ունենաք: Մեր պարտաւորութիւնն է այժմէն իսկ իջնել հրապարակ եւ առնել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` ընտրակաշառքի յայտնի գործօնները իրենց բոյներուն մէջ խեղդելու եւ հիմնական վերանայման ենթարկելու երկրի ընտրական օրէ՛նքը:

Այս նոր յառաջընթացի բովին մէջ, կասկած չկայ, որ Դաշնակցութիւնը աւելի ամբողջականօրէն պիտի գրաւէ իր տեղը երկրի քաղաքական դաշտին մէջ եւ նոր ուժականութեանբ տէր կանգնի ժողովրդական այն լայն շերտին, որ իր բնական կազմախօսութեամբ իսկ Դաշնակցութեան քաղաքական գործի հարազատ հողը կը ներկայացնէ` եւ երկրի զարգացման մեծ խարիսխը: Միաժամանակ մեր գործը պիտի ըլլայ քաղաքական դաշտէն ի սպառ դուրս քշել Հանրապետական կուսակցութիւնը` քաղաքական բռնամիջոցներու իր մեքենականութեամբ: Մեր գործը պիտի ըլլայ միանգամընդմիշտ ազատել քաղաքական բռնադատումներու զոհ մեր երկրի քաղաքացին:

Պարզ խօսքով, յառաջիկայ ընտրութիւնները մեր ոսկեայ պատեհութիւնն են օլիկարխիան իր զէնքերէն զրկելու եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտը ժողովրդավարութեան բնականոն չափանիշներուն ենթարկելու: Երկրին քաղաքական մշակոյթը փոխելու մեծ շրջադարձը այս ընտրութիւններու բովին մէջ է, որ պիտի իրագործուի եւ, հետեւաբար, վաղուան յարացոյցին էութունը հոս է, որ պիտի ճշտուի:

Ասիկա մեր ժողովրդավարութեան նոր օրն է, մեր երկրի նոր զարթօ՛նքը, եւ մեր նոր երթը` դէպի իրաւական հզօր պետականութիւն, որուն անկեղծ զինուորն է Դաշնակցութիւնը այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան: Բարի՛ երթ բոլորիս:

25 ապրիլ, 2018
Ուաշինկթըն

 

Նախորդը

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` ՀՅ Դաշնակցութեան (Ե.)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.