Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ «Էս-300» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման առնչութեամբ` նշելով. «Այդ քայլը տագնապին երկարաձգման պիտի յանգեցնէ»:
Մաթիս Սպիտակ տան մէջ յայտարարութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ կոչ ուղղեց օժանդակելու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրային սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն:



