Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրուան Ընթացքին Ցոյցեր, Երեկոյեան` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Հանրահաւաք

April 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 7-րդ օրն ըլլալով, Հայաստանի մէջ շարունակուած են բողոքի ցոյցերը: Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած երթին մասնակիցները հասած են կառավարութեան շէնքին մօտակայքը, ուր մինչ այդ տեղի կ՛ունենար կառավարութեան նիստը: Կառավարութեան շէնքը ոստիկանական քանի մը շարքով առանձնացուած է հաւաքի մասնակիցներէն:

Մինչ կառավարութեան շէնքին մօտ գալը` Նիկոլ Փաշինեանն ու կողմնակիցները երթ կազմակերպած են  մայրաքաղաքի Շենգաւիթ վարչական շրջանին մէջ:

Անոնք կառավարութեան շէնքին մօտ կը փորձէին կասեցնել Հանրապետութեան հրապարակին երթեւեկը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներուն կողմէ 19 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ի դրութեամբ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 100-ի: Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն:

Միւս կողմէ, Երեւանի քաղաքապետարանը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ «19 ապրիլին կազմակերպուած հանրային հաւաքի եւ երթի համար, «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին համապատասխան, Երեւանի քաղաքապետարանին իրազեկում չէ ներկայացուած»:

Երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան` ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան հանրահաւաքը: «Համերաշխութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը ներկայացնող Արմէն Ներսիսեանը կոչ ուղղած է առեւտրականներուն` միանալու նախաձեռնութեան: Ելոյթով հանդէս եկած են նաեւ շարժման գործիչ Արմէն Գրիգորեանը, այնուհետեւ հարթակը տրամադրուած է Արեւիկ Մելքոնեանին:

Հերթաբար ելոյթ ունեցած են դերասան Սերգէյ Դանիէլեանն ու դերասանուհի Զառա Սահակեանը:

Աւելի ուշ, խօսք առած է Նիկոլ Փաշինեանը: Ան կոչ ուղղած է ոստիկաններուն` միանալու շարժումին: Ան խոստացած է, որ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք պիտի բարձրանայ ոստիկաններուն  աշխատավարձը, ու անոնք ստիպուած պիտի չըլլան իրենց գործէն բացի զբաղելու այլ աշխատանքներով:

«Կը յայտարարենք, որ վաղը Երեւանի փողոցները բեռնատարներով շրջափակելու օր է, որպէսզի նոյնիսկ ոստիկանութեան քարշակները չկարենան հանել մեքենաները», ըսած է Փաշինեանը` յոյս յայտնելով, որ բեռնատարներու վարորդները կ՛արձագանգեն իր կոչին:

Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ 20 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կրկին հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ: Պատգամաւորը անդրադարձած է նաեւ կարծիքներուն բոլոր անոնց, որոնք իրենց նախաձեռնած շարժումին մէջ արեւմտամէտութիւն կամ ռուսամէտութիւն կը փնտռեն: «Քաղաքական այս գործընթացին մէջ ոչ մէկ աշխարհաքաղաքական պարունակ կայ, մենք չենք առաջնորդուիր եւ երբեք պիտի չառաջնորդուինք Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ կամ որեւէ այլ երկրի շահերով: Մեր միակ ընելիքն ու առաջնահերթութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պետական եւ ազգային շահերուն սպասարկումն է», ընդգծած է  պատգամաւորը:

 

Նախորդը

Վերանշանակումներ Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Կ՛ողջունէ ՀՅԴ-ի Առաջարկը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.