
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր նախարարութեան հրամայած է Մոսատի հետ կապերը խզել: Ան այդ հրամանը արձակած է Մոսատի հետ իրաւասութեանց եւ օտար պետութեանց հետ, ներառեալ` Թուրքիոյ հետ Մոսատի հաստատած կապերուն պատճառով Մոսատի հետ յարաբերութեանց մէջ ստեղծուած լարուածութենէն ետք:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ դժգոհ են, որ Մոսատ մուտք գործած է արտաքին յարաբերութեանց վերաբերող իրենց իրաւասութեան մէջ եւ շարք մը երկիրներ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտները «պոյքոթ»ի կ՛ենթարկեն ու կը նախընտրեն Մոսատի խողովակով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ հաստատել` աւելցնելով, որ «արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը բողոքէ, որ Մոսատ աշխարհի տարածքին մեր դեսպանատուներուն ուղարկած բոլոր գաղտնի զեկուցումներուն իրազեկ կը դառնայ, սակայն կը մերժէ նախարարութիւնը իրազեկ դարձնել իր ունեցած տեղեկութեանց»:
Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ Մոսատի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ յարաբերութեանց բաժակը յորդեցուցած կաթիլը կը վերաբերի թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց` աւելցնելով, որ «վերջերս երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումները վերստին սկսած են եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջովին հեռու պահուած է անոնցմէ, մինչ այդ հանդիպումներուն ընթացքին Իսրայէլը ներկայացուցած է Մոսատի պաշտօնատար Տաւիտ Միտանը, որ Համասի հետ գերիներու փոխանակման բանակցութեանց մէջ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի պատուիրակն էր»:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը գրէ, որ «արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի հետ հանդիպումներէն հեռու պահելն ու Մոսատէն պաշտօնատար մը Թուրքիա գործուղելը իսրայէլացի դիւանագէտներուն մօտ մեծ զայրոյթ յառաջացուց»:


