Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Խորհրդարանը Լիագումար Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

April 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք խորհրդարանը լիագումար նիստի պիտի հրաւիրէ:

Միւս կողմէ, Պըրրի Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիէն խնդրած է վաւերացնել կարգ մը օրէնքներ, որոնք կառավարութեան կը վերաբերին, նախքան որ անիկա ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վերածուի:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ընդառաջած է իր խնդրանքին` նկատի ունենալով առաջարկուած օրէնքներուն կարեւորութիւնը:

Ան նշեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ Պըրրի բարձր գնահատած է Տահրանի վեհաժողովին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած ճառը` զայն նկատելով բացառիկ ելոյթ մը:

Ժրայսաթի նշեց, թէ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը վերահաստատած է, որ Պըրրի Լիբանանի կայունութիւնը եւ համախոհութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ երաշխիք է: Ան հաստատեց, որ հակառակ ընտրական որոշ տարակարծութիւններուն, պէտք է կեդրոնանալ երկրին ապահովական եւ քաղաքական կայունութեան պահպանումին վրայ:

Համաներում շնորհելու օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժրայսաթի ըսաւ, թէ այդ օրէնքը կարելի կ՛ըլլայ կառավարութեան եւ ապա խորհրդարանին ներկայացնել` անոր շուրջ քաղաքական համախոհութիւն գոյացնելու պարագային:

«Կը կարծենք, որ համաներում շնորհելու օրէնքը երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի քննարկուի», հաստատեց Ժրայսաթի:

Նախորդը

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Պատասխանատուներու Հանդիպումը Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրոպական Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Հապիսի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.