Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկրին Սահմանադրութեան Եւ Օրէնքներուն Գործադրութեան Հսկելու Առաջնահերթութիւնը Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Դերակատարութիւնն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հաստատեց, որ երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն գործադրութեան հսկելու առաջնահերթութիւնը հանրապետութեան նախագահի գլխաւոր դերակատարութիւնն է:

Ան ընդգծեց, որ այդ սահմանադրութիւնն ու օրէնքները իշխանութեան իսկական հիմքերն են, եւ աւելցուց. «Հոն, ուր սահմանադրութիւնն ու օրէնքները չեն յարգուիր, կը տիրէ քաոս, եւ կը բռնկին յեղափոխութիւններ»:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց «Հարվըրտ» համալսարանէն շրջանաւարտ իրաւաբաններու արաբական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Քարիմ Քպայսիի:

Նախագահ Աուն ուրախութիւն յայտնեց, որ աշխարհի լաւագոյն համալսարանէն աւարտած խումբ մը երիտասարդ իրաւաբաններ կ՛այցելեն Պէյրութ:

Ան շեշտեց, որ իրաւաբաններն են, որ կը պահպանեն ընկերութիւնը եւ կը զարգացնեն զայն, կառչելով օրէնքներուն եւ պաշտպանելով զանոնք:

«Իրաւաբաններուն պատգամը կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր անհատ իր իրաւունքներուն հասցնելու կարեւորութեան վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հարկ է օժանդակել երկիրներուն խաղաղութեան եւ աշխատիլ` նուազեցնելու տարակարծութիւններուն եւ տագնապներուն համեմատութիւնը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց անոնց` շարունակելու իրենց առաքելութիւնը եւ իրենց պատգամը հասցնելու ամբողջ աշխարհին:

«Մենք ուրախ ենք, որ Լիբանանի մէջ կատարած էք ձեր խորհրդաժողովն ու հանդիպումը. ասիկա լիբանանցիներուն համար պատիւ է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովին արդիւնքները եւ լիբանանեան ելեւմտական շուկային վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան տարբեր ծրագիրներու արտաքին ֆինանսաւորում պիտի ապահովէ: «Այս բոլորը ինքնաբերաբար պիտի մեղմացնեն պետական ամավարկին վրայ ճնշումը եւ ամրապնդեն Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը», ըսաւ ան:

Սալամէ յայտնեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է երկրին ելեւմտական կացութենէն եւ ապահովական կայունութենէն: Ան հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պատրաստ է գործակցելու «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն բխած պահանջներուն հետ` աւելցնելով, որ այն ծրագիրները, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյացած է խորհրդաժողովին ընթացքին կ՛օժանդակեն տնտեսական բարգաւաճման ամրապնդումին եւ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ արձանագրուած շարժումին:

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը Կարեւոր Նկատեց Խիտ Շարքերով Ընտրութեան Մասնակցիլը` Ի Խնդիր Աւելի Լաւ Ապագայի

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ընտրական Խախտումներու Մասին Արտայայտուած Դէտերը Կանչուած Են Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Եւ Ստացած Բողոք

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.