ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի տօնէք յաջողութիւն մը կամ յաղթանակ մը: Այս շրջանը լեցուն է բախտով եւ յաջողութեամբ: Ինքնավստահ ու համարձակ եղէք: Մի՛ յանձնուիք այն պայմաններուն, որոնց չէք համոզուած:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք: Թոյլ մի՛ տաք, որ խառնուին ձեր անձնական գործերուն կամ կասեցնեն ձեր ձգտումները: Քննարկումներու մի՛ մասնակցիք այս շրջանին: Անձնական գետնի վրայ տագնապալից շրջան մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յաջողութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ, եւ ձեր կամքը պիտի զօրանայ: Տուեալները ի նպաստ ձեզի պիտի փոխուին: Մրցակցութեան մէջ պիտի մտնէք, դժուար պարտականութիւններ պիտի կատարէք: Մի՛ յուսահատիք, այլ կրկին փորձեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Գրաւի մի՛ դնէք բախտը: Ձեր աչքերը լաւ բացէք: Եթէ չէք կրնար դուք ձեզ զսպել, մի՛ կապուիք կարեւոր ժամադրութիւններու: Պիտի ընդիմանաք կարգ մը պայմաններու, բայց թշնամութիւն մի՛ յարուցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ հակառակ կարծիքը գլուխ բարձրացնէ: Այս օրերուն օրէնքները մի՛ անտեսէք: Խաղաղութեան կողմնակից եղէք: Հարցերը լուծեցէք հասկացողութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կարողութիւնը ունիք դժուար հարցեր քննարկելու եւ նոր միտքեր առաջարկելու: Համոզելու կարողութիւն ունիք: Պիտի յաջողիք ձեր ծրագիրները ներկայացնել:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յաղթանակ մը պիտի արձանագրէք եւ բոլորին ուշադրութիւնը ձեր վրայ պիտի հրաւիրէք: Դրական շրջան մըն է, օգտագործեցէք զայն: Կրնաք հասնիլ լաւ ու ընդունելի լուծումներու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Վիճաբանութիւններէն հեռու մնացէք եւ մի՛ բարդացնէք հարցերը այս օրերուն: Պիտի տագնապիք ուշացումի կամ իրարանցումի պատճառով: Անհոգութեան մի՛ մատնէք ձեր գործերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր սիրելիին եւ ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք: Տնային նորոգութիւններ պիտի ընէք: Առողջական ձեր վիճակը տկար է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ամսուան լաւագոյն ու բախտաւոր օրերէն մէկն է: Պիտի պայմանաւորուիք յաջողութիւններով: Երբեք մի՛ յանձնուիք, այլ միշտ փորձեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ թերանաք ամէնօրեայ գործերուն եւ մի՛ անտեսէք առողջական խնդիր մը: Դժուար շրջան մըն է` պատասխանատուութիւններով լեցուն: Նոր պարտականութիւն մի՛ ստանձնէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ամսուան վատ օրերէն մէկն էր: Հեռու կեցէք վիճաբանութիւններէ եւ առօրեայ հոգերէ: Պիտի կորսնցնէք առեւտրական գործ մը կամ դատ մը, եթէ չտիրապետէք ձեր ջիղերուն:
