Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Լուէյզին

April 10, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան չորս ճակատումներ:

ՀՄԸՄ, որ հիւրը եղաւ Լուէյզիի, 94-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (23-33, 10-26, 18-17 եւ 17-18), 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:

Հինգշաբթի, 12 ապրիլին, իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը:

Առաջին մրցումին նման, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես բաւական հանգիստ տուաւ իր օտար մարզիկներուն, եւ անոնք դաշտ ներկայացան, առաւելագոյնը 23 վայրկեան, մինչ Իսմայիլ Ահմետ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով դաշտ չներկայացաւ:

ՀՄԸՄ-էն 16-ական կէտ նշանակեցին Սամուէլ Եանկ, Էլի Շամուն եւ Ուոլթըր Հոճ:

Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ 78-76 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսին, երբ Ժերեմի Փրակօ պազըր-պիթըրով մը նշանակեց Շանվիլի յաղթանակի կողովը, որ այսպիսով արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1):

Մրցումին ընթացքին, Շանվիլ նոյնիսկ ունեցաւ 18 կէտի առաւելութիւն մը (64-46):

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Սաժեսէն նշանակեց Ճէյ Եանկպլատ (25), իսկ Շանվիլէն Ահմետ Իպրահիմ նշանակեց 4 թրի փոյնթ:

Այլ մրցումի մը, Ռիատի 95-82 արդիւնքով յաղթեց Անթունիէին: Վերջինէս Ռաշեմ Ռայթ նշանակեց 29 կէտ (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ):

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Անթունիէի դաշտին վրայ:

Վերջապէս, Պէյրութ իր կարգին 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Մութթահետը` արձանագրելով 86-66 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Պէյրութէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 24 կէտ:

Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ, Թրիփոլի:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մատրիտեան Քաղաքի Տերպիին Հաւասարութենէն Մեծագոյն Օգտուողը` Պարսելոնան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Կազմը Մեկնեցաւ Յորդանան

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.