Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը «ՊԻԻՆ» ընկերութեան հետ պիտի խորհրդակցի, որպէսզի կարենայ «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի կայանէն Մոնտիալ 2018-ի խաղերը սփռելու իրաւունք ապահովել:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ Լիբանանը եւ իր ելեւմտական իրավիճակը փլուզումէ շատ աւելի հեռու են:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, կանաչ մազութը` 300 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութը` 200 լ. ոսկիով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային արձանագրուելիք կարեւորագոյն կէտը նախընտրութեան քուէն բաշխելն է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ յարձակում մը սանձազերծելու պարագային Դիմադրութիւնը կրնայ պարտութեան ենթարկել Իսրայէլը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ Մեթնի մայրուղին ի վերջոյ պիտի լուսաւորուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ Հըզպալլայի դէմ արձանագրուած մագլցողական յայտարարութիւններն ու ցեխարձակումները կը փաստեն անոր սնանկութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամին Շըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր համայնքին, քաղաքական շարժումին եւ դաշինքներուն մէջ հզօրագոյն ղեկավարն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական համախոհական մթնոլորտը շարունակուի նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չափաւորականութեան հոսանքն է եւ ոչ ոքի սեփականութիւնը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ պետականաշինութեան յստակ ուղեգիծ ունի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ նախանցեալ օր իր նախագահած ընտրացանկի թեկնածուներուն ընկերակցութեամբ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Ռայի պատրիարքը իր կարգին շնորհաւորեց Սքաֆը` նկատի ունենալով, որ ան միակ կինն է, որ ընտրացանկի մը կը նախագահէ:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական մարմինի անդամ Հասան Քապալան հաստատեց, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնը կը գերազանցէ պատահական եւ անցողակի շահերու վրայ հիմնուած դաշինքները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար մտահոգութիւն յայտնեց, որ «Սետր» խորհրդաժողովը ըլլայ այլ խորհրդաժողովներու նման, այսինքն` ըլլայ ապարդիւն եւ անոր պատճառով երկրին նիւթական ընդհանուր բացը յաւելում արձանագրէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին վեցերորդ նստաշրջանի համար խորհրդարանի նախագահ ընտրել կը նշանակէ ներկայ իշխանութեան աշխատանքը խոչընդոտել:

 

Նախորդը

Անգարայի Եռակողմ Վեհաժողով. Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ին Ու Քայիտային Վերջ Տալու Եւ Սահմանադրական Յանձնախումբի Աշխատանքի Ձեռնարկումը Դիւրացնելու Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Եաագուպ Սարրաֆ. «Իսրայէլն Է, Որ Չի Յարգեր Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Միջազգային Բանաձեւերը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.