Մարտ ամսուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող ամենակարեւոր եղելութիւնները Արցախի նախագահին եւ պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական եւ ներհայկական հանդիպումներն ու այցելութիւններն էին:
Գլխաւոր նորութիւնը Արցախի նախագահին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք այցելութիւնն էր, յատկապէս ելոյթ ունենալը երկրի օրէնսդիր կառոյցին` Քոնկրեսի շէնքին մէջ:
Ծերակոյտի անդամներ եւս ելոյթ ունենալով` ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է Արցախի միջազգային ճանաչումին նոր որակ հաղորդել, որովհետեւ Արցախը ժողովրդավարական երկիր է, ընտրած է զարգանալու իր ինքնուրոյն ուղին եւ արժանի է միջազգային ճանաչումի:
Նախագահ Բակօ Սահակեանը Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փորձագիտական շրջանակներու հետ, ուր հանդէս գալով` խօսեցաւ Արցախի պատմութեան, հայեցի դիմագիծին, հակամարտութեան ծագման, պետականութեան կառուցման փուլերուն եւ տարածաշրջանային հարցերուն ու բանակցութիւններուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան տուեալները, զուգահեռաբար ընդգծելով բանակցութիւններու կողմ ըլլալու եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու Արցախի կողմնորոշումը:
Արցախի նախագահին այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ` անոր միջազգային ճանաչման ուղիին վրայ կարեւոր քայլ մը կը համարուի քանի մը պատճառով: Նախ, որովհետեւ այդ այցելութիւնը, ներհայկական ծիրէն դուրս, քաղաքական այցելութիւն էր, որ կը միտէր Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականները ծանօթացնել Արցախի պետականութեան կառուցման փուլերուն, արցախեան տագնապի էութեան ու բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի պետութեան տեսակէտներուն` հետագային ապահովելու համար նաեւ Արցախի մասնակցութիւնը տագնապի լուծման բանակցութիւններուն:
Այլ յատկանշական իմաստ կը զգենուր նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան այցելութիւնը` նախագահելու Հայաստանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական առաջին ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, ապա մասնակցութիւնը` «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց»-ի հանդիպում-ընդունելութեան եւ «Արցախ 2028» խորհրդաժողովին, որուն առնչուող հեռանկար ու պատկերացում կազմելու նպատակով այս տարուան աշնան Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի խորհրդաժողով մը` բարեսիրական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու, գործարար շրջանակներու մասնակցութեամբ, որպէսզի Արցախի մէջ մշակուին յառաջիկայ տասը տարուան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն երկրին բարգաւաճման ու հզօրացման:
Ներհայկական առումով, Արցախի նախագահին հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ խթան կը հանդիսանային վերաշխուժացնելու Արցախի պետականութեան զարգացման ի նպաստ ծրագիրները:
Այս այցելութիւններուն գումարենք 15 մարտին աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը` Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան: Պետական նախարարին քաղաքական հանդիպումները կազմակերպուած էին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայ դատի յանձնախումբին գործուն աջակցութեամբ: Հանդիպումներուն յաջորդող օրերուն Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակը բանաձեւ մը վաւերացուց, որուն համաձայն, ընդունեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ կոչ ուղղեց դաշնակցային կառավարութեան` պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ զօրացնելու կապերը անոր հետ:
Վերոյիշեալ տողերուն միտք բանին այն է, որ Արցախի ճանաչելիութիւնը քայլ առ քայլ ապահովելու, պետականութիւնը զարգացնելու գործնական քայլեր կ՛որդեգրուին: Այդ քայլերը կ՛ընթանան Արցախ-Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ, յատկապէս` Հայ դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքով, ինչ որ, խօսքի սահմաններէն անդին, մէկ կողմէ ձեւ ու մարմին կու տայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարին, միւս կողմէ` կ՛ամրապնդէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կապերը` չզիջելով զարգանալու Արցախի ուղին, հետաքրքրութիւն ստեղծելով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կամ նոյնիսկ Լիբանանի գործարար շրջանակներուն մօտ` Արցախ այցելելու եւ շրջանցելու Ազրպէյճանի սպառնալիքներն ու Արցախը մեկուսացնելու ծրագիրները:
Այսպիսի քայլեր յարաբերական հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են, որոնք հետագային նոր ծաւալներով կրնան շարունակուիլ ու զարգանալ` Արցախի միջազգային ճանաչումին կայուն ենթահողը ստեղծելով եւ բանակցութիւններուն հանդէպ Ազրպէյճանի անլրջութիւնը մերկացնելով:
«Գ.»



