«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յատուկ ժողով մը գումարելով կատարեց մասնակի ընտրութիւններ:
Այդ ժողովին ներկայ էին 9 ակումբներու 5 ներկայացուցիչները, որոնք իրաւունք ունին ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ բնականաբար քուէարկելու:
Թափուր մնացած աթոռի մը համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին երկու անձեր` Սոնիա Ժըրժես եւ Շետի Զըղէյպ: Նկատի ունենալով, որ վերջինս յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, Սոնիա Ժըրժես մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ինքնաբերաբար ընտրուած նկատուեցաւ իբրեւ ֆետերասիոնի նոր անդամ:


