Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Նուիրուած Աշակերտական Ձեռնարկ

April 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան ազատագրական պայքարի 30-ամեակի միջնակարգի ձեռնարկներու եւ աշխատանքներու ծիրին մէջ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի Է. եւ Ը. դասարաններէն աշակերտները բաժնուեցան խմբակներու եւ 30-45 վայրկեանի մէջ պատրաստեցին արցախեան պայքարին նուիրուած որմազդներ: Ուսուցիչները անոնց տրամադրած էին անհրաժեշտ հում նիւթեր: Աշակերտները ժրաջան մեղուներու նման աշխատեցան եւ խանդավառութեամբ ամբողջացուցին իրենց վստահուած աշխատանքը: Ասոր յաջորդեց  միջնակարգի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 մարտին, ներկայութեամբ քոլեճի նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտութեան:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր արցախեան քառօրեայ պատերազմը: Ապա 7-րդ դասարանի աշակերտները մեծ ապրումով  կատարեցին Ա. Ահարոնեանի «Վազրիկը» գործին բեմականացումը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց աշակերտութեան վրայ: Օրուան պատգամը տուաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ հաստատեց, թէ արցախեան հին թէ նոր հերոսները իրենց դրօշը փոխանցած են նորահաս սերունդներուն, որոնք տարիէ տարի զանոնք յիշելով` կ՛ուխտեն քալել անոնց ճանապարհէն: Ապա ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, որուն շնորհիւ Ցեղասպանութիւն ապրած ազգը երեք տարի ետք անկախութիւն կերտեց. ան ըսաւ. «Մայիսեան անկախութեամբ թուրքին հայաջինջ ծրագիրը բախեցաւ Սարդարապատի ամուր պատին»: Ապա պատմական արագ ակնարկով մը նշեց սփիւռքի հայապահպանման ջանքերն ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը` հասնելով արցախեան ազատագրական պայքար ու մինչեւ քառօրեայ պատերազմ ու աւելցուց. «Դուք, սիրելի՛ աշակերտներ, տեսած էք անկախութիւն ու ազատագրուած տարածքներ  եւ ձեր մէջ դրոշմուած է արդէն միացեալ Հայաստանի ստեղծման գաղափարը: Ուստի, վերցուցէ՛ք ձեզի փոխանցուած դրօշը ու աշխատեցէ՛ք կերտել ամբողջ հայութեան երազած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը: Իւրաքանչիւր  հայերէն բառ, որ կ՛արտասանէք, կը գրէք կամ կը կարդաք, փամփուշտ մըն է ուղղուած հայութեան թշնամիներուն: Այս գիտակցութեամբ մտէ՛ք դասարան, յաճախեցէ՛ք հայկական վարժարան, ապագային ձեր զաւակները եւս ուղղեցէք հոն, որպէսզի ազգովին կարենանք իրականացնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը»:

Տնօրէնի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Արցախի մասին տարրական տեղեկութիւններ տուող փաուըր փոյնթ մը, ապա 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` ասմունքի ընկերակցութեամբ ու նահատակ ազատամարտիկներու պատկերներով:

Նշենք, որ ձեռնարկի մուտքին աշակերտներուն բաժնուեցան արցախեան պայքարի 30-ամեակին նուիրուած սթիքըրներ:

Նախորդը

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի Գիրքը

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայաստանի Գիւղական Շրջաններու Կիներու Իրավիճակին Նուիրուած Քննարկում ՄԱԿ-ի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.