Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Դատապարտէ Սքրիփալի Թունաւորումը, Սակայն Կը Մերժէ Ռուսիոյ Դէմ Որեւէ Քայլ Որդեգրել

March 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա երէկ դատապարտեց Բրիտանիոյ մէջ ռուս նախկին լրտես Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորումը` նշելով, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը «մարդկութեան դէմ ոճիր» է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց. «Թուրքիա քիմիական զէնքերու օգտագործումը կը նկատէ մարդկութեան դէմ ոճիր, Բրիտանիոյ մէջ յարձակումը իբրեւ այդպիսին կը նկատէ եւ զայն կը դատապարտէ»:

«Թուրքիա 14 մարտին միացաւ Հիւսիսային Անտլանտեան խորհուրդի յայտարարութեան: Այս յարձակումին վերաբերեալ Թուրքիոյ տեսակէտը նաեւ արտայայտուած է ԵԱՀԿ-ի, Ապազինման խորհուրդին եւ Եւրոպական խորհուրդին մէջ», աւելցուց ան:

Աքսոյ կոչ ուղղեց դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ յանցագործները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ կանգնին արդարադատութեան առջեւ:

Երկուշաբթի օր Եւրոպական Միութեան 14 անդամներ միացեալ հակազդեցութեամբ մը շուրջ 50 ռուս դիւանագէտներ վտարեցին, իսկ Միացեալ Նահանգներ վտարեցին 60 ռուս դիւանագէտներ եւ Սիաթըլի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանի փակումը հրամայեց:

Սակայն Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ դրական ու լաւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին: Այս առումով` Թուրքիան Ռուսիոյ դէմ որեւէ որոշում որդեգրելու մասին չի մտածեր»:

Կիպրոսի կառավարութիւնը իր կարգին երէկ յայտարարեց, թէ ռուս դիւանագէտներ պիտի չվտարէ:

Նշենք, որ Մակեդոնիոյ իշխանութիւնները երէկ ռուս դիւանագէտ մը վտարեցին:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ ՕԹԱՆ-ի աւելի քան 25 անդամ պետութիւններ ռուս դիւանագէտներ պիտի արտաքսեն:

 

 

Նախորդը

Վառնայի Մէջ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Վեհաժողով. «Այսօր Որեւէ Ձեւի Միջին Լուծումի Չհասանք» Կ՛ըսէ Թուսք

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Յարգէ Իրաքեան Գերիշխանութիւնը Եւ Զայն Ոտնահարող Որեւէ Քայլ Պիտի Չկատարէ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.