Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժշտական Երեկոյ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

March 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ` կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանին: Պէտք է նշել, որ երաժշտական երեկոն անդրանիկ ձեռնարկն է «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին:

Այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը, Նայիրի Ղազարեանը, Մարիա Եսայեանը, Թամար Իսկէնեանը, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որոնք դասական մարզին մէջ իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրած են երաժշտութիւնը եւ այդ մասնագիտութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը: Յատկանշական է, որ  երաժիշտները աւարտած են ազգային վարժարաններ: Իրենց համար կարեւոր եւ ուրախ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Ազգային միացեալ վարժարանի երաժշտական երեկոն:

Ըստ երաժիշտներուն, ձեռնարկը կապ մը պիտի ստեղծէ անցեալի յիշատակներուն եւ ապագային հետ: Անոնք սիրով ընդառաջած են իրենց կայք հաստատած երկիրներէն վերադառնալ տուն` Լիբանան եւ այս համերգին մասնակցիլ:

Երաժիշտները ճիգ պիտի չխնայեն նուագել, օրինակ ծառայել եւ յարգանքի տուրք մատուցել նոր սերունդին եւ նոր կրթական կառոյցին հանդէպ: Անոնք արտերկրի իրենց համերգներուն մէջ հայկական գործեր կը դնեն եւ հայկական մշակոյթը կը ներկայացնեն:

Իւրաքանչիւր երաժիշտ 3-4 գործ պիտի նուագէ: Անոնք պիտի նուագեն նաեւ միասին: Մարիա Եսայեանը օրուան դաշնակահարն է, որ բոլորին պիտի նուագակցի: Թամար Իսկէնեանը պիտի նուագէ շուի, պարոք սրինգ եւ դասական սրինգ, Զաքար Քէշիշեանը` շուի, տուտուկ, իսկ Նայիրի Ղազարեանը` թաւջութակ:

Մէկ ժամ տեւող յայտագիրի 90 տոկոսէն աւելի հայկական կտորներ են` Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Խաչատուրեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Ադամեան եւ Դուլուխանեան:

Ստորեւ` երաժշտական երեկոյի մասնակիցներուն ամփոփ կենսագրականը:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Խմբավար, շվիահար, տուտուկահար

Ծնած է Այնճար, Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1986-ին: Երաժշտական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին  մէջ,  զոր աւարտած է պատուոյ յիշատակութեամբ` իբրեւ շվիահար, տուտուկահար եւ խմբավար:

Անցնող երեսուն տարիներուն հիմնադրած կամ վերաորակաւորած է շարք մը երգչախումբեր եւ նուագախումբեր, ինչպէս` «ԾԻԱԾԱՆ», Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ», Համազգայինի «ԿԱՐԿԱՉ», «ԿԱՔԱՒԻԿ», «ԱՅԳ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբերը:

Իբրեւ խմբավար եւ շվիահար ելոյթներ ունեցած է` Հայաստանի, Արցախի, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ:

Մաս կազմած է Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն-խորհուրդին: Դասախօս է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ: Այցելու դասախօս է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին հետ ձայնագրած է «Բերդաքաղաք» եւ իր կնոջ` Կամիլա Քէշիշեանին հետ` «Նռնենի» խտասալիկները:

ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Սոփրանօ

Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1988-ին: Աւարտած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը: Տասնեակ մը մենահամերգներով հանդէս եկած է Լիբանանի, Հայաստանի ու Քանատայի մէջ: Մենակատարուհիներէն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբերուն: Նշանակուած է «International association of singers» կազմակերպութեան Լիբանանի բաժինի վարիչ-տնօրէն:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Մշակութային կանգառ» ծրագիրի ծիրին մէջ նշանակուած է Մշակոյթի եւ երգարուեստի միջազգային ակադեմիայի Լիբանանի մասնաճիւղի միջազգային կապերու տնօրէն:

Յատկապէս իրեն համար երգեր յօրինած են հայրենի երաժշտահաններ Սասուն Պասկեւիչեանը, Գէորգ Մանասեանը եւ Էտկար Գեանճումեանը:

Հրատարակած  է երկու խտասալիկ` «Փունջ մը շարականներ» եւ «Մեղեդիներ, տաղեր եւ գանձեր»: Կը դասաւանդէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ` իբրեւ ձայնամարզութեան եւ սոլֆեժի ուսուցչուհի: Երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհին է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին:

ՄԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՍԱՅԵԱՆ
Դաշնակահար

Ծնած է Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 1988-ին: Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ, որմէ ետք աւարտած է Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը:

Երաժշտական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ մէջ` աւարտելով Հանովըրի Hochschule fur Musik und Theater-ը:

Իբրեւ մենակատար` Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ կատարած է Շումանի դաշնամուրային քոնչերթոն: Մենահամերգով կամ սենեկային խումբերու հետ  զանազան ելոյթներ ունեցած է Լիբանանի եւ Գերմանիոյ մէջ: Թաւջութակահար Քարոլին Շչոլզի հետ ստեղծած է «Քարմա» երկեակը` տալով զանազան համերգներ:

Կատարողական իր արուեստին զուգահեռ, դասաւանդած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ու Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ: Այժմ կ՛ապրի ու կը դասաւանդէ Գերմանիոյ մէջ, ուր հրապարակած է իր իսկ հեղինակած դաշնամուրային երաժշտութեան «Արձագանգներ» եւ «Որոնումներ» խտասալիկները:

ԹԱՄԱՐ ԻՍԿԷՆԵԱՆ
Սրնգահար, շվիահար

Շրջանաւարտ է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն` 2004-ին: Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ` ուսուցիչ ունենալով Զաքար Քէշիշեանը, ապա` Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը կատարելագործած է Պասելի Hochschule fur Musik-ին եւ Սալզպուրկի Mozarteum-ին մէջ` մասնագիտանալով դասական, պարոք եւ ժամանակակից սրինգներու կատարողական արուեստին մէջ: Աւելի՛ն. սրինգ նուագարանի պատմագիտութեան ու կատարողական արուեստին, ինչպէս նաեւ դասաւանդման կերպերու մասին մասնագիտական ուսման հետեւած է նշանաւոր ScholaCantorumBasiliensis-ին եւ Պասելի մանկավարժական համալսարանին մէջ:

Վարպետութեան դասերու հետեւած ու առնչուած է համաշխարհային առաջին մեծութեան վարպետներու, ինչպիսիք են` James Galway, Aurel Nicolet, Emmanuel Pahud, Walter Auer, Felix Renggli, Wissam Boustany, Vicens Prats Paris, Mathieu Dufour, Barthold Kuijken, Karl Kaiser:

Արժանացած է բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու, ինչպէս` Barenboim-Said Scholarship-ին, Edition Kossack Trinational երիտասարդական եւ Զուիցերիոյ երաժշտական ընկերութեան մրցոյթներուն: Եւրոպական տասնեակ մը երկիրներ շրջագայած է Տանիէլ Պարենպոյմի West-Eastern Divan Orchestra-ին հետ` իբրեւ սրնգահար: Նշանակալից ելոյթներ ունեցած է` Լոնտոնի, Սեւիլիայի, Փարիզի, Պերլինի, Պուէնոս Այրեսի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Էքուատորի, Քոլոմպիոյ, Վենեզուելայի, Չինաստանի, Քորէայի, Հայաստանի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

ՆԱՅԻՐԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Թաւջութակահար

Ծնած է Լիբանան: Շրջանաւարտ է Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի իննամեայ կրթութեան` 2004-ին: Ապա երկրորդական ուսումը շարունակած է Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ` իբրեւ թաւջութակահար: Ապա Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ կը շարունակէ իր ուսումնառութիւնը եւ շուտով կը վկայուի  մագիստրոս արուեստից որակաւորումով:

Լայն մասնակցութիւն կը բերէ լիբանանահայ կամ առհասարակ Լիբանանի ու Հայաստանի երաժշտական կեանքին` մասնակցելով զանազան համերգներու եւ երաժշտախումբերու: Մասնակցած է նաեւ «Մարկօ Պապիկեան» երաժշտական սենեկային մրցումին:

Այժմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ լիբանանեան երաժշտական քանի մը դպրոցներու մէջ թաւջութակ կը դասաւանդէ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` Հայկական Բժշկական Միջազգային Ընկերակցութեան Պատմութեան Մասին

Յաջորդը

Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.