Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումային Ծրագիրը

March 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը` նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին վաւերացուց ենթակառոյցներուն վերաբերող ներդրումային ծրագիրը, որ 16 միլիառ տոլար կ՛արժէ եւ պիտի ներկայացուի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն մաղթեց, որ խորհրդարանը ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին վաւերացնէ 2018-ի պետական ամավարկը` հաստատելով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ պէտք չէ սպասել Սուրիոյ տագնապին լուծման, այլ` տեղահանուածները վերադարձնել Սուրիոյ ապահով վայրերը:

Նախագահ Աուն կառավարութեան տեղեկացուց, որ Քաթարի ազգային գրադարանի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուելու հրաւէրին պիտի ընդառաջէ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին:

Մայրերու տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցի բոլոր մայրերը:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը յաջող ընթացք ունեցած է եւ հաստատած Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան իմաստով միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը:

Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան շրջագիծին մէջ Ֆրանսա 400 միլիոն եւրոյի հասնող գումար մը տրամադրած է, իսկ Ռուսիա` մէկ միլիառ տոլարի հասնող օժանդակութիւն:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ ամերիկեան Քոնկրեսը, որ կարգ մը զէնքեր լիբանանեան բանակին տրամադրելը վեթոյի ենթարկած էր, յետս կոչած է իր վեթոն եւ արտօնած այդ սպառազինումը տրամադրել բանակին:

Նախորդը

«Տնտեսական Որեւէ Ծրագիրի Համաձայնելու Պարագային Պիտի Վստահինք Նուազուրդներուն Եւ Ոչ Թէ Փոխհամաձայնութեան Սկզբունքին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Խմբագրական. Աւանդականն Ու Նորարարը` Գերադասելով Հաւաքականը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.